image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ Համար Սուրիական Ահզէզը Դարձած Է Վտանգաւոր Կարմիր Գիծ

Թուրքիոյ    Համար   Սուրիական  Ահզէզը   Դարձած Է  Վտանգաւոր Կարմիր  Գիծ

Թուրքիա       ճանապարհ կը  հայթայթէ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներուն   հասնելու  իրեն սահմանակից   Ահզէզ  շրջան: Այս մասին տեղեկութիւնը  կը փոխանցեն մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ, յայտնելով,  որ Տաւութօղլուի կառավարութեան համար այսօր  Ահզէզը  սուրիացի ընդդիմադիրներուն տիրապետութեան տակ  պահելը  գերագոյն եւ առաջնային օրակարգ է: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ անցնող  ժամերուն աւելի քան  2000  սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներ Ահզէզ  հասած են  Իտլիպէն: Անոնք       Պապ  Ալ Հաուա  ցամաքային անցքէն մուտք  գործած են Թուրքիա  եւ ապա     անշշուկ  յաջողած են հասնիլ  Ահզէզ: Թուրքիա  այս կերպ կը խախտէ բոլոր  միջազգային համաձայնագրերը եւ ուղղակիօրէն կը մասնակցի սուրիական հակամարտութեան:  Թրքական աղբիւրներ իրենց կարգին կը խօսին, թէ մօտիկ անցեալին Թուրքիոյ  համար կարմիր գիծը  Թալ Ռըֆհաթ շրջանն էր, իսկ ներկայիս  այն փոխուած է ու դարձած   Ահզազը:    Միջազգային  լրահոսին համար  եւս այդ շրջանին շուրջ գրանցուող  իրադարձութիւնները           դարձած էին կիզակիտային  մինչեւ  Անգարայի պայթումին  բերած որոտումը:   Այս  ընդհանուր պատկերի  լոյսին տակ կարելի է  ըսել, որ Սուրիոյ պատերազմին      կայծերը   սկսած են երեւելի դառնալ  Թուրքիոյ մէջ:   Պայթումէն, գետնի վրայ գրանցուող  ընդդիմադիրներու  նահանջէն ու տեղի տալէն ետք   արդեօ՞ք Թուրքիան կը պատրաստուի   նոր   ռազմավարութիւն մը մէջտեղ հանել: Ամէն պարագայի բոլոր  տուեալները մէկդի    դնելով կարելի է հաստատել, որ   միջազգային հանրութեան աչքերուն առաջ Թուրքիան երեւելի        ձեւով նեցուկ ցոյց կու տայ սուրիացի  ընդդիմադիրներուն:  Միշտ օգտուելով  «չափաւորական» եւ  ծայրայեղ ընդդիմութիւն յարաբերակցութիւնէն:     Մոռնալով նոյնիսկ, որ յառաջիկայ հանգրուանին     կրնան բոլոր  ընդդիմադիրներ ահաբեկիչներ համարուիլ:  Թուրքիան խուլ կը ձեւանայ նոր  խմորումներուն    դիմաց  եւ այս խլութիւնը  կրնայ ծանրագոյն  հետեւանքներ ունենալ   Էրտողանի իշխանութեամբ  ղեկավարուող այս երկրին համար: