image
Հրատապ լուրեր:

Սէլինա Տողան Փոքրամասնութիւններու Գաղտնաթիւի Խնդիրը Բարձրաձայնեց

Սէլինա  Տողան     Փոքրամասնութիւններու   Գաղտնաթիւի   Խնդիրը Բարձրաձայնեց

Թուրքիոյ  մէջ  փոքրամասնութիւններուն համար  տրուած   գաղտնաթիւերու հարցը   նորութիւն մը չէ: Վերջին օրերուն  այս թեման դարձեալ  կը բարձաձայնուի Թուրքիոյ  խորհրդարանի հայ  անդամ Սէլինա Տողանին  կողմէ:   CHP կուսակցութեան   հայազգի երեսփոխանը, անդրադառնալով   այս խնդրին, ըսած է, որ մինչեւ հիմա կ'ըսուէր, թէ միայն թուղթի վրայ իրար հաւասար ենք, հիմա պարզուեցաւ, որ նոյնիսկ թուղթի վրայ հաւասար չենք: Ան նաեւ յայտնած է, որ այսպիսի գործադրութիւն մը պախարակելի է երկրի մը մէջ, ուր աշխատանք կը տարուի որպէսզի կրօնքի պատկանելիութեան յիշատակումը անհատի անձնագրին մէջ, ըլլայ իր փափաքի համաձայն: Տողան նաեւ յայտնած է, թէ քանի որ փոքրամասնութիւններուն ազգութիւնը ցոյց տուող այսպիսի դրութիւն մը կայ, օգտակարութեան կարգով գոնէ թող տեղեկացուի, թէ ինչքան է հայերու թիւը Թուրքիոյ մէջ: «Արտագաղթ կայ, մահ կայ, կան բաներ որոնք հայ համայնքի թիւը կը փոխեն, եւ մենք ի վիճակի չենք մեր համրանքը ընելու: Գոնէ այս կերպով հասկնանք, թէ ներկայիս ինչ է մեր թիւը» ըսած է Տողան: Նշենք, որ  աւելի վաղ HDP կուսակցութեան հայազգի անդամ  Կարօ Փայլան  եւս   խորհրդարանին մէջ այս  հարցին մասին բարձրաձայնած էր: