image

Սուրիացի Փախստականներէն Շատեր Կը Փափաքին Միջին Արեւելք Վերադառնալ. The Washington Post

Սուրիացի  Փախստականներէն Շատեր  Կը Փափաքին  Միջին Արեւելք  Վերադառնալ. The Washington Post

Ըստ The Washington Post-ին,  սուրիացի  որոշ փախստականներ, որոնք Գանատա հասած եւ տեղաւորուած  են կառավարութեան ծրագրին միջոցաւ, կը պայքարին յարմարուելու համար իրենց նոր միջավայրին:

Գանատան անցեալ ամիս համաշխարհային զգալի  հռչակ ունեցաւ  մանաւանդ  այս տարուան համար 25,000 սուրիացի փախստականներու կարգաւորման գործընթացը սկսելէն ետք:

Վերջերս ընտրուած Լիպերալ կառավարութեան վարչապետ Ճասթին Թրուտո ջանքեր տարաւ համատեղելու երկու՝ ե՛ւ պետական ե՛ւ մասնաւոր հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները, յաջողցնելու համար փախստականներու ընդունման եւ տեղաւորման գործը:  Դեկտեմբեր  2015-ի կէսերուն, Թորոնթոյի օդակայանէն ներս, Թրուտոյ անձամբ  դիմաւորեց Սուրիայէն ժամանած առաջին խումբերը:

CBC-իի  զեկոյցը, որու մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ», մանրամասնօրեն կը ներկայացնէ կառավարութեան կողմէ հիւրընկալուած խումբ մը սուրիացի փախստականներու վիճակը, որոնք տեղաւորուած են կառավարական  պիւտճէի համաձայն նախատեսուած  հիւրանոցի  մը մէջ, Թորոնթո: Փախստականներէն ոմանք բողոքած են կամաւորներուն, որ իրենք իրենց բանտարկուած կը զգան եւ մատնուած  կը զգան անօգնական վիճակի:

Հիւրանոցէն ներս աշխատող կամաւորականներէն Virginia Johnson-ը այս մասին խօսելով յայտնած է,  որ փախստականները արդէն շաբաթներէ ի վեր կը գտնուին հիւրանոցէն ներս եւ պատկերացում չունին, թէ երբ  պիտի կարենան  հեռանալ հոնկէ: Կառավարութեան կողմէ հովանաւորուած 85 փախստականներուն մէկ մասը ըսած են, որ իրենք բաւարար օգնութիւններ չեն ստանար, եւ կը նախընտրեն վերադառնալ Յորդանանի եւ Լիբանանի մէջ իրենց փախստականներու քէմփերը:

Անոնց դիմագրաւած դժուարութիւնները կրնան  աւելի նուազ ըլլալ,  համեմատած իրենց հայրենիքի մէջ պատերազմական վիճակի դժուարութիւններուն, բայց անօգնականութեան եւ մեկուսացման զգացումը  օտար հողի վրայ,  կը խեղճացնէ զանոնք, նշած է կամաւորը: Փախստականները,   որ վարժ չէին Գանատայի ձմռան ցուրտին,  բողոքներ ներկայացուցած են իրենց աջակցութեան եւ բժշկական օգնութեան բացակայութեան համար:  Էտմընթնի մէջ անցեալ շաբաթ, քանի մը տասնեակ սուրիացի փախստականներ տառապած են կռիփէ, աւելցուցած է կամաւորը:

Լրագրողներու հաղորդմամբ, սուրիացի փախստականներ  Գերմանիոյ  եւ Ուրուկույէի նման հեռաւոր վայրերու մէջ  խօսած են իրենց նոր հայրենիքներուն մէջ ցաւ պատճառող օտարման զգացումի մասին, ոմանք նոյնիսկ փորձած են ետ վերադառնալ:

CBC-ի տուած հարցազրոյցին  հիւրանոցի մէջ մնացող սուրիացի մայր մը՝ Զայնապ Ատրի Ապու Ռուքտին, թարգմանիչի օգնութեամբ խօսելով ըսած է. «Մեզի ըսուած էր, որ երբ հասնինք առաւելագոյնը միայն երեք-չորս օր հիւրանոց պիտի մնանք, սակայն, այդպէս չեղաւ, եւ մենք արդէն  10-11 օրէ ի վեր այստեղ ենք, եւ տակաւին կ'ըսուի, որ   մեր  հոս մնալը  աւելի պիտի երկարի: Խնդիրն այն է, որ մենք երեխաներ ունինք, եւ նախընտրելի է, որ անոնք գտնուին դուրսը, տունի մէջ, քան թէ հիւրանոցի»: Զայնապ  աւելցուցած է նաեւ ըսելով «Մենք կը զգանք, որ մեր երեխաները այստեղ  պատժուած  են, ամբողջ օրը անոնք միայն մէկ սենեակ մը կ'երթան ճաշելու,  ապա կը վերադառնան իրենց  սենեակը քնանալու: Մեր երեխաներ խաղալու տեղ չունին, ոչ ալ դուրս երթալու: Մենք  կը զգանք,  որ բանտարկեալի նման   յայտնուած ենք բանտի մէջ»:

Այս կապակցութեամբ կամաւորներ նշած են CBC-ին, որ բոլոր փախստականներու կարգավիճակը նոյնը չէ, տարբերութիւն կայ մասնաւոր հովանաւոր ունեցող եւ կառավարութեան հովանաւորութեամբ ժամանած գաղթականներուն միջեւ, որոնց կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած  աջակցութիւնը  ըստ երեւոյթին  հիմնուած է խնայողական ծրագրի վրայ:

«Toronto Sun»-ի քննադատական սիւնակը այս շաբաթ կոչ ըրած է դաշնային կառավարութեան՝ փախստականներուն  համար աւելի շատ ապաւինիլ բարեգործական եկեղեցիներու եւ ընտանիքներու աջակցութեան վրայ, հատուցելու համար կառավարութեան թերացումները:  Այս բոլորէն անդին սակայն երեւելի է, որ գաղթականներու մեծ տոկոս մը կայ, որ չդիմանալով այս պայմաններուն կը փափաքի  դարձեալ Միջին Արեւելեան երկիրներ վերադառնալ: