image

ՍԴՀԿ-ն Հայաստանի Ընտրութիւններու Խնդրով Արտակարգ Համագումար Պիտի Հրաւիրէ

ՍԴՀԿ-ն  Հայաստանի  Ընտրութիւններու Խնդրով Արտակարգ Համագումար Պիտի Հրաւիրէ

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան   կուսակցութիւնը  մօտիկ յառաջիկային արտահերթ համագումար  պիտի կայացնէ: Այս մասին յայտարարած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական  Վարչութեան ատենապետ՝  Յակոբ Տիգրանեան: ՍԴՀԿ Առաջնորդը նաեւ  դիտել տուած է, թէ արտահերթ համագումարը պիտի  քննարկէ  կուսակցութեան 2017 թուականի ՀՀ Ազգային ժողովին մասնակցութեան հարցը եւ ձեւաչափը: Տիգրանեան, խօսելով Հայաստանի ներքաղաքական   իրադրութեան մասին,   դիտել տուած է, թէ  այսօր  գրանցուող զարգացումները  տեղի կ'ունենան զուտ ընտրական  հաշիւներով եւ  այդ      քաղաքական  դաշինքները ի զօրու չեն Հայաստանի  կարեւորագոյն խնդիրներուն լուծումներ բերել, որովհետեւ  կը կայացուին   կարճ   ժամկէտներով եւ  յայտնի մօտեցումներով: Տիգրանեան, որուն   տուած  հարցազրոյցը լոյս  տեսած է ՍԴՀԿ մամլոյ   օրկաններուն  կողմէ, նաեւ առաջարկած է արագօրէն  ստեղծել ազգային միասնութեան կառավարութիւն, որ   պիտի կարողանայ   Հայաստանի բազում  հարցերուն լուծումներ  գտնել:  Հնչակեան ղեկավարին կարծիքով Հայաստանի  գլխաւոր հիմնախնդիրը արտագաղթն է: