image

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցին Մասին

Պոլսոյ Պատրիարքի  Ընտրութեան Հարցին Մասին

Պոլսոյ  Պատրիարքի  հարցը   կը շարունակէ մնալ  սեղանի վրայ: Վերջին  օրերուն  տեղի ունեցող  զարգացումները  կը յուշեն, որ տարբեր կողմեր    կը փորձեն  քաղաքական    օրակարգ տանիլ նոր Պատրիարքի  ընտրութեան  հարցը:  Շաբաթավերջին պոլսահայ   երեք հայկական   պարբերականները   խնդիրը  կը դիտէին տարբեր տեսանկիւններէ:  Ամէնէն  մտահոգիչը  «Ակօս» պարբերականի   արտայայտած  միտքն էր, որ իր ուրբաթ օր լոյս տեսած թիւի   ճակատին      իբրեւ  գլխաւոր  խորագիր ընտրած էր «Տիրամայրը  ըսաւ, որ թագաւորը մերկ է» նախադասութիւնը:     Ըստ «Ակօս»ին   նման   խօսք մը ըսած է      Պոլսոյ  հայոց  Պատրիարք Տ. Մեսրոպ  Արք. Մութաֆեանի  մայրը ՝ Տիրամայր Տիկ. Մարի  Մութաֆեանը:   Իր  կարգին  Տիրամայրը  արագօրէն կը հերքէր  այս  խօսքը  եւ կը յայտնէր, որ ինք մեծ  ցաւ մը կ'ապրէր  նման  խօսքեր լսելով:   Այս բոլորէն բացի    երեւելի է, որ   պատրիարքի ընտրութեան  օրակարգով  եղած  խօսակցութիւնները  բնաւ ալ անմեղ չեն:  Առաջին անգամը չէ, որ  նման  օրակարգ կը բարձրացուի   մարդոց կողմէ, որոնք    ազդու  դեր  մը չունին պոլսահայ  համայնքէն ներս:   Նման  խնդրի մը քաղաքականացումը  առաջին հերթին վնասակար պիտի ըլլայ պոլսահայոց համար: Թուրքիան այսօր կը գտնուի բաւականին լարուած   մթնոլորտի  մը մէջ: Ու այս  առումով  կը կարեւորուի    առկայ  խնդիրներուն  ցուցաբերել  աւելի  պատասխանատու մօտեցումներ: Ի՞նչ ըսել է «Թագաւորը մերկ է»   աւելին, որո՞ւ ջրաղացին  պիտի  ծառայէ   նման խօսք մը վերագրել     հոգեկան  բաւական  բարդ  վիճակի մը մէջ եղող Պատրիարք հօր  մօրը   Տիրամայր ՝ Մարի Մութաֆեանին: Եղած յայտարարութիւններուն  գծով զգաստանալու կոչով հանդէս գալը եւս դարձած է անհեթեթ, որովհետեւ    աւելի քան  որեւէ ժամանակ  յստակ է, որ  Պատրիարքի ընտրութիւնը  քաղաքական   հարթակ  տանիլ փորձողները կը  շարժին  որոշ ծրագրով:Այս բոլորէն  բացի  ամէնէն  կարեւորը  նման օրակարգի մը մասին     տեղի անտեղի  կարծիքներ յայտնելու փորձութիւնէն հեռու մնալն է:   Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեան հարցը   առաջին հերթին  պոլսահայոց խնդիրն է, ու  ապահովաբար  համայնքի  զաւակներուն մեծ տոկոսը լաւ կը հասկնայ ու կ'ըմբռնէ, թէ  նման օրակարգ մը  քաղաքական հարթակ  երթալն ու շահարկման առարկայ դառնալը   վնաս է նախ եւ առաջ Հայոց եկեղեցիին ու այդ   դարաւոր եկեղեցիին  շուրջ բոլորուած  համայնքի  զաւակներու  ընդհանրական շահերուն:  Ներկայ հանգրուանը     պէտք է անցընել  առանց յաւելեալ  ցնցումներու ու ամէնէն  կարեւորը    Թուրքիոյ  շուրջ եղող երեւելի  եւ աներեւոյթ  մեծ փոթորիկներէն  հեռու պահել Պոլսոյ դարաւոր  հայ համայնքը: Տեղին կը համարենք նշել, որ    աւելի ուշ  Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին  ճամբով         Տիրամայր Տիկն. Մարի  Մութաֆեան  հերքում մը տալով  ըսած էր, որ  իրեն Պոլսոյ  Պատրիարքութեան մասին  իր կողմէ  եղած  բոլոր վերագրումները   անհիմն եւ սուտ են: Կը մնայ յուսալ, որ   այս օրակարգի  մասին  գրելու  ատեն   լրագրողներ  եւ  թեմային հետեւող կողմեր աւելի զգօն  վերաբերմունք մը ցուցաբերեն: