image

Նոր Լուսանկարներ Քիւրտ Զինեալներու Տիրապետութեան Տակ Անցած «Մըննէկ» Օդակայանէն

Նոր Լուսանկարներ Քիւրտ Զինեալներու  Տիրապետութեան Տակ Անցած   «Մըննէկ» Օդակայանէն

Նոր   լուսանկարներ  տարածուած են   Հալէպի գիւղական  հատուածին մէջ գտնուող «Մըննէկ»   զինուորական օդակայանէն: «Արեւելք» նախօրոք   լուր փոխանացած էր  օդակայանին   քրտական YPG զինեալներու  կողմէ   տիրապետման մասին: Հալէպի կեդրոնէն  շուրջ  35  քմ  հեռաւորութեան վրայ գտնուող  այս օդակայանը    ռազմավարական   կարեւոր նշանակութիւն ունի: Քիւրտ զինեալները ռուսական  օդուժին օգնութեամբ   յաջողած էին վտարել     3 տարիներէ ի վեր   շրջանին  վրայ տիրապետած  իսլամիստ զինեալները:  8 քմ  զբաղեցնող օդակայանը կը գտնուի  Սուրիա- Թուրքիա  սահմանէն միայն 15 քմ հեռաւորութեան վրայ: