image
Հրատապ լուրեր:

Սէլինա Տողան Սուր Քննադատութիւններու Թիրախ Կը Դառնայ

Սէլինա Տողան  Սուր Քննադատութիւններու Թիրախ  Կը Դառնայ

Թուրքիոյ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան   հայ պատգամաւոր Սէլինա Տողան, քիւրտերէ բաղկացած պատուիրակութեան մը մաս կազմելով, Հարաւ-Արեւելեան շրջաններ այցելութեան ընթացքին տեղւոյն զանազան կազմակերպութիւններու հետ խօսած ժամանակ, յիշած էր, որ Տիարպէքիրի հայկական անունը Տիգրանակերտ է: Տողանի  այս  յայտարարութիւնը պատճառ դարձած էր, որ ինքն ու իր ամուսինը՝ Էրտալ Տողանը յարձակման ենթարկուին:

«Հալքըն Հապէրճիսի» կայքէջին տեղադրուած յօդուածի մը մէջ սուր քննադատութեան ենթարկելով Սէլինա Տողանն ու  ամուսինը, զանոնք «էրմէնիճի» (հայապաշտ) որակած են, ինչպէս նաեւ մեղադրած  CHP կուսակցութեան նախագահ Քէմալ  Քըլըճտարօղլուն, Սէլինա Տողանին երեսփոխան ընտրուիլը ապահովելուն համար: Յօդուածագիրը պնդած է, որ «Տիգրանակերտ» անունը նշուիլը արդէն փաստ է, որ Սէլինա Տողան «էրմէնիճի» է: Ան երկարելով քննադատութեան շարքը, յիշեցուցած է նաեւ, որ Տողան իր ընտրութեան առթիւ խօսքին մէջ նշած էր, թէ նշանակալի է որ ցեղասպանութեան 100-ամեակին հայուհի մը երեսփոխան կ'ընտրուի, ինչը կը նշանակէ անոր Հայկական ցեղասպանութիւնը ընդունած ըլլալու փաստը: Սէլինա Տողանին մեղադրուած է նաեւ հայոց պատրիարքարանին ազատութիւն եւ Հայաստանի սահմանը բանալու պահանջներուն համար, որուն անդրադառնալով յօդուածին մէջ նշուած է. «Կ'երեւի, թէ ինքզինք Հայաստանի Խորհրդարանին մէջ կը կարծէ, Հայաստանի անօթիներուն մասին կը մտահոգուի փոխանակ մտահոգուելու Թուրքիոյ անօթիներու մասին»: Գրութեան աւարտին յօդուածագիրը կը նշէ, որ անհիմն էր Քըլըճտարօղլուի կողմէ Սէլինա Տողանին թեկնածու ընդունելու պատճառը, որ պայմանաւորուած էր միայն անոր Տէրսիմի պատահարներուն համար «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելուն: Եւ վերջաւորութեան եզրափակելով գրութիւնը, խօսքը ուղղելով Տողանին կ'ըսէ. «Նայէ Սէլինա հանըմ, թուրքերը Անատոլուն հայերու ձեռքէն չէ որ առին, այլ՝ բիւզանդացիներուն»: