Լիբանանի խորհրդարանը այսօր յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին (Պէյրութի ժամանակով) պիտի գումարէ նախագահի ընտրութեան հերթական 35-րդ նիստը: Այս նիստը եւս քաղաքական անհամաձայնութեան հետեւանքով պիտի ունենայ իր նախկիններուն ճակատագիրը: Ներկայ պահու դրութեամբ նախագահական երկու հիմնական թեկնածուներն են Զօր. Միշէլ Աուն եւ երեսփոխան Սլէյմէն Ֆրանժիյէ: Նշենք, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին նոյն օրակարգով բաւական տրամաթիք զարգացումներ եղան: Մինչ Սիւննի համայնքի գլխաւոր առաջնորդ համարուող նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անսպասելի քայլով մը կ'առաջադրէր Լիբանանի մէջ Սուրիոյ իշխանութիւններուն ամէնէն մօտիկ անձնաւորութեան համարուող, «Ալ Մարատա» հոսանքի առաջնորդ ՝ Երեսփոխան Սըլայման Ֆրանժիյէի թեկնածուութիւնը, անդին «Լիբանանեան ուժեր»ու նախագահ Սամիր Ժաաժա մամլոյ միացեալ ասուլիսով մը կը յայտնէր իր համամտութիւնը «Ազգային ազատ հոսանք»ի ղեկավար Զօր. Միշէլ Աունի թեկնածուութեան: Երկար ժամանակ դաշնակից եղող երկու քաղաքական առաջնորդներ կ'առաջադրէին իրենց քաղաքական հակառակորդներուն թեկնածուութիւնը: Երեւելի էր նաեւ, որ կողմերը նպատակ ունէին «Րէալ Փոլիթիք»ի օրէնքներով շարժիլ եւ ստեղծել նախագահի ընտրութեան յարմար միջավայր մը: Սակայն այսօրուան նիստը եւս պիտի ցրուէ նոր նախագահ մը ունենալու ընդհանուր յոյսերը: Բնականաբար այս առաջարկութիւնը, որոշ կողմերու անհանգստութիւն կը պատճառէ, սակայն ընտրութեան կայացման խանգարումը այլ տեղ պէտք է փնտռել: Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան թիւ մէկ քուէարկող ուժը ՝ լիբանանեան «Հըզպալլա»ն է հետեւաբար ՝ Իրանը: Ու ներկայ պահու դրութեամբ ոչ Իրան, ոչ ալ «Հըզպալլա» անհանգիստ են Լիբանանի նախագահական աթոռի թափուր մնալէն: Բացի ասկէ այսօր երեւելի կը դառնայ, որ Լիբանանի քաղաքական կողմերը եւս բաւարար ուժ չունին ինքնորոյն կերպով նոր նախագահ մը ընտրելու: Ու այս բոլորէն անդին Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատկերին յստակացումէն ետք է միայն, որ շրջանի միակ քրիստոնեայ տէրութիւնը նոր նախագահ մը կրնայ ունենալ:
«Խմբ.»