image

Հալէպի Կիւլպէնկեան մայրանոցը. պատմական ակնարկ

Հալէպի Կիւլպէնկեան մայրանոցը. պատմական ակնարկ

1926-ին, երբ Սուլէյմանիէի Հայ Ազգ. Կարմիր Խաչի դարմանատան շինութեան հիմերը դրուած էին, Տքթ. Խ. Պօղոսեան հրաւիրուած էր Համիտիէ թաղի խրճիթ մը, ուր տախտակաշէն եւ թիթեղածածք սենեակի մը մէջ, 5-6 փոքրիկներով շրջապատուած կին մը  ծննդաբերութեան ժամանակ  ենթակայ եղած էր մտային խանգարման:  Յուզուելով այս տխուր տեսարանէն, յաջորդ Ազգ. Կարմիր Խաչի Վարչ. Ժողովին ան առաջարկած էր, որպէսզի դարմանատան մէկ մասը յատկացուի ծննդաբերութեան կարօտ կիներու:

 Այս հանրային ծառայութեան  կարեւոր  գաղափարի իրականացումը հսկայ գումար մը կ'ենթադրէր: Դրամի չգոյութիւնը բաւական դժուարութեան պատճառ եղած էր: Տեղեակ ըլլալով Կիւլպէնկեան գերդաստանի առատաձեռնութեան եւ ազգասիրութեան, մասնաւորաբար հանգուցեալ Պատրիկ Կիւլպէնկեանի՝ Պոլսոյ Ազգ. Հիւանդանոցին Հոգաբարձութեան ատենապետութեան շրջանին նոյն հաստատութեան հանդէպ ունեցած հոգածութեան եւ դրամական օգնութեան ու դեռատի կնոջ՝ Վերժին Կիլպէնկեանի, որ 32 տարեկանին մէջ մեռած էր, ունեցած սիրոյն, տոքթ. Խ. Պօղոսեան առաջարկած է յիշեալին դիմում ընել, յիշեցելով  կնոջ թարմ տարիքին մէջ պատահած մահը, խնդրել, որ անոր յիշատակին կառուցուելիք դարմանատան մէջ երկու սենեակ յատկացուի՝ զանոնք ձօնելով տիկնոջ անուան:

Նամակով մը դիմելէ ետք Պատրիկ Կիւլպէնկեանին, որ առաջարկը իր սրտին մօտ գտնելով, փոխանակ դարմանատան մէջ երկու սենեակ յատկացնելու, մայրանոց մը կառուցելու կողմնակից կ'ըլլայ, խոստանալով որ հետագային շէնքին վրայ երկրորդ յարկ մը եւս բարձրացնելու նիւթական օգնութիւնը պիտի ընէ:

Տոքթ. Խ. Պօղոսեանի առաջարկին վրայ բարերարը կը հաստատէ իրեն ներկայացուած Շինութեան Յանձնաժողովը: (Շինութեան Յանձնաժողովը կը հովանաւորէր երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոս Խապայեանը):

Այնուհետեւ Հալէպի հայաշատ Նոր-Գիւղ (Մէյտան) արուարձանին մէջ, Շինութեան Յանձնաժողովը 15 Օգոստոս  1931-ին կը գնէ ներկայ շէնքին հողը, մօտ 2500 քմ տարածութեամբ:

Մայրանոցի առաջին քարի զետեղման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ 15 Օգոստոսին 1931-ին, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Ծ. Վրդ. Սիւրմէեանի ձեռամբ:

Բարերարը կը վախճանի 12 Յունիս 1930-ին, Նիւ Եորքի մէջ, իր սիրտին այնքան մօտ եղող մայրանոցի ծրագրին գործադրութեան լուրը չառած: Իր որդին՝ Ներսէս Կիւլպէնկեան, որ Լոնտոն կը գտնուէր, սիրով կ'ընդունի իր հանգուցեալ հօր խոստումը, եւ իբր բարոյական անձնաւորութիւն, մայրանոցի հողը կ'արձանագրուի Նիւ Եորքի Կիւլէպի Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան անունին: Հողի գնման, շէնքի կառուցման ինչպէս նաեւ պետական գործողութիւններուն եւ կահաւորման ընդհանուր ծախս կ'ըլլայ 4 հազար օսմ. ոսկի:

Բարերար Ներսէս Կիւլպէնկեանի փափաքով, Մայրանոցի բացման հանդիսութիւնը կը կատարուի 1935 9 Փետրուարին, ի յիշատակ իր վաղամեռ մօր՝ Վերժին Կիւլպէնկեանի մահուան տարեդարձին:

Թէեւ Մայրանոցի բացման հանդիսութիւնը կը կատարուի Փետրուարի մէջ, սակայն նախնական պատրաստութիւններու  (սննդեղէն, պաշար եւ այլն) պատճառով խնամակալութիւնը կը ստիպուի վեց ամիսով յետաձգել մայրանոցի բացումը, որ տեղի կ'ունենայ նոյն տարուան 15 Օգոստոսին, մինչեւ 125 սթերլին օգնութեան ստացումը:

Այնուհետեւ, կատարուած դիմումները ընդունելով, յանուն Նիւ Եորքի Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, Բարերար Ներսէս Կիւլպէկեան կը խոստանայ չորս տարի շարունակ 250 անգլիական ոսկի տարեկան նպաստ մը ղրկել Մայրանոցի տեւականացումին ի խնդիր: Այս որոշումը հետագային կը փոխուի վեց տարուան եւ անընդմիջաբար կը շարունակուի՝ տարին երկու մասնավճարով: Սակայն Բ. Համաշխարհային պատերազմին պատճառով, 1940-էն ետք, հասկնալի դժուարութիւններով այս օգնութիւնը կը դադրի:

Մայրանոցը նախախնամական բարիք մը կ'ըլլայ մանաւանդ անկար եւ չքաւոր մայրերու համար, որոնց ծննդաբերութիւնը ձրի կը կատարուի:

Մայրանոցի խնամակալութեան կազմութեան համար, բարերարի փոխանորդ Տոքթ. Խ. Պօղոսեանի եւ Ազգ. Քաղաքական Ժողովի համաձայնութեամբ կը պատրաստուի հնգանուն ցանկ մը, որուն երեք անդամը պիտի ըլլայ Քաղաքային Ժողովէն, իսկ միւս երկուքը՝ կը ձգուի բարերարին կամքին:

Բարերարի փափաքով, ցկեանս պատուակալ նախագահ կը նշանակուի Խնամակալութեան երիցագոյն անդամ՝ Տքթ. Խ. Պօղոսեանը, որ նոյն տարին (20 Մարտ 1955-ին)  կը մահանայ:

Անոր մահէն ետք, Նիւ Եորքի Կիւլէպի Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախագահ եւ լիազօր ներկայացուցիչ կը նշանակուի Երուանդ Տէմիրճեան:

Մայրանոցի միայարկ շէնքը, որ կրնար 14 ծննդաբեր մայրեր ընդունիլ միայն, անոր հիմնարկութենէն եօթը տարի վերջ, 1942-ին այլեւս անբաւարար կ'ըլլայ ներկայացող ծննդաբեր մայրերու պահանջը գոհացնելու, տեղի անձկութեան պատճառով:

1946-ին կարելի կ'ըլլայ Մայրանոցի քարաշէն յարկի շինութեան աշխատանքը շարունակել որ կիսատ կը մնայ: Այդ աշխատանքը հաստատութեան վրայ կը նստի 30 հազար Ս. Ոսկի: Միայն 1951-ին է, որ բարերարէն ստացուած նիւթական օժանդակութեամբ կը ձեռնարկուի շէնքի ամբողջական աշխատանքը, որ կ'աւարտի 1953-ի սկիզբը:

Յետագային, Հաստատութեան պատկանող եւ արեւմտեան կողմը ինկող հողը օգտագործուելով շինուած է գետնայարկային բաժինը, որ օգտագործուած է որպէս մայրանոցի դիւանատուն եւ քննութիւններու սենեակ:

Հասարակութեան օգտին ծառայող այս Հաստատութիւնը ունեցած է նաեւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմին մը, որու պարտականութիւնը եղած է հետաքրքրուիլ հաստատութեան մաքրութեամբ եւ բարեզարդարումով: Ան կ'ապահովէ նաեւ չքաւոր մայրերու ծննդաբերութեան եւ դեղօրայքի ծախսերը: Կը կազմակերպէ ներքին դասախօսութիւններ՝ մայրերու պարտականութեանց եւ ֆիզիքական առողջապահութեան շուրջ: Տիկնանցը փրկարար գործ կատարած է եւ անձնուիրաբար գործած է 1947-էն սկսեալ:

 «Վէրժին  Կիւլպէնկեան Մայրանոց»ը անդրանիկութիւնը խլեց, ու թէեւ իրմէ տարիներ ետք անձնական մայրանոցներ ունեցաւ Հալէպ քաղաքը, սակայն  մայրանոցը մնաց միշտ իր բարձրութեան վրայ, պատիւ բերելով իր հիմնադիրներուն, ազգին եւ անոր գաղաթարը յղացողին եւ զայն կեանքի կոչող բարերարներուն:

 

Մայրանոցը պատերազմէն քանի մը տարի առաջ փակուած էր: Եւ պատերազմի օրերուն Հայ Ծերանոցի ծերերը հոն տեղափոխուած են: