image
Հրատապ լուրեր:

Ջաւախքի Մէջ Թուրքերու Ազատ Տեղաշարժը Անհանգիստ Կ'ընէ Տեղի Հայերը

Ջաւախքի  Մէջ Թուրքերու Ազատ Տեղաշարժը Անհանգիստ Կ'ընէ   Տեղի Հայերը

Օրերս լրատուամիջոցներու մէջ տեղեկութիւններ տարածուեցան այն մասին, որ Չըլտըր/Աքթաշ-Կարծախ սահմանակէտի բացումէն ետք, թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու ազատ  տեղաշարժին  հետեւանքով Ջաւախքի մէջ վտանգաւոր գործընթացներ սկիզբ առած են:

«Արեւելք»  թեմային մօտէն  ծանօթանալու նպատակով  զրուցեց ժամանակաւորապէս Երեւան գտնուող խումբ մը ջաւախահայերու հետ, որոնք տեղեակ են խնդրէն եւ որոնց ինքնութիւնը, իրենց ցանկութեամբ, չենք հրապարակեր:

Մեր զրոյցներու արդիւնքով պարզուեցաւ, որ թուրքերը կը տիրապետեն տեղանքի եւ հայութեան հետ կապուած որեւէ տեղեկութեան, ինչը կ'անհանգստացնէ տեղի հայերը: Ջաւախահայերը  կ'ըսեն, որ թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու՝ տարածքին տէրութիւն ընելէն ետք, հայերուն, օրինակ, աշխատանքի չեն առներ վառելանիւթի  կայաններուն մէջ, որոնք, ըստ  մեր զրուցակիցին, կը պատկանին ազրպէյճանցիներուն: Պարզուեցաւ նաեւ, որ հայ հովիւները դժուարութեամբ լեռները կը բարձրանան, որովհետեւ, «թուրքերը ամբողջ լեռները աժան գիներով առած են եւ հովուութիւն կ'ընեն այդ տարածքներուն մէջ»: Մեր զրուցակիցները կ'ահազանգեն. «Թուրքերն ու ազրպէյճանցիները կը համագործակցին աճարներու հետ՝ հայերու եւ վրացիներու դէմ ինչ-ինչ հարցերու մէջ: Աճարները չարիք են ե՛ւ վրացիներու ե՛ւ հայերու համար»,-կ'ըսեն մեր խօսակիցները: Ըստ անոնց, Ջաւախքի մէջ հեղինակութիւն վայելող որոշ հայ պաշտօնեաներ տեղեակ են երեւոյթէն, բայց աչք կը փակեն: Եղած են դէպքեր, երբ հայ տղաները պայքարած են, սակայն, առանձին  ըլլալով, չեն կրնար երեւոյթը արմատախիլ ընել: «Ո՞ւր է Հայաստանը»,- կ'ահազանգէ մեր զրուցակիցներէն մէկը, նշելով, որ Ջաւախքի մէջ այսօր հայերը խնդիրներ ունին շատ ոլորտներու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ կրթութեան ոլորտին մէջ:  Մեր զրոյցներու ընթացքին պարզ դարձաւ, որ եղած են դէպքեր, երբ ջաւախահայ ուսանողներ ստիպուած եղած են ազգանուն փոխել՝ Սահակաշվիլի մօր ղեկավարած համալսարանին մէջ  ուսանելու  համար:

«Թուրքիան վրացիները ու ռուսերը լարեց իրար դէմ, որպէսզի Թուրքիոյ սահմանը բացուի եւ Ջաւախքը թուրքերով լեցուի»,-կը նշէ մեր զրուցակիցներէն մէկը, աւելցնելով, որ այլեւս անհնար է հանդուրժել այս իրավիճակը: