image

Մի Մոռնաք, Որ Հռոմի Պապը Հայ Ժողովուրդի Մեծագոյն Բարեկամն Է. Հէրի Յակոբեան

Մի Մոռնաք, Որ Հռոմի  Պապը  Հայ Ժողովուրդի Մեծագոյն Բարեկամն Է. Հէրի Յակոբեան

«Տագնապալի վիճակ կը տիրէ ոչ միայն Սուրիոյ, Իրաքի, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեայ համայնքներուն  մօտ»,-  «Արեւելք»ին ըսաւ Դոկտ. Հէրի  Յակոբեան:  Յակոբեան, որ ներկայիս կը վարէ   Լոնտոնի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ   Առաջնորդ  Կարտինալ Վինսընթ   Նիքըլսի    խորհրդականի   պաշտօնը,  ըսաւ. «Երբ մենք կը խօսինք այն   արհաւիրքներուն մասին, որ կը պատահին  Սուրիոյ   տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ, իմ հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերի  այդ շրջանի  քրիստոնեաներուն ապագային:  Իրաքի  մէջ հայ եկեղեցին քայքայուած վիճակ մը կը պարզէ, եւ տեղւոյն Առաջնորդ  Աւագ Սրբազանն ալ շատ լրջօրէն մտահոգ է իր համայնքի եւ Իրաքի մէջ հայ եկեղեցւոյ ապագայով»: Անոր կարծիքով «ներկայիս  այս տագնապին  արձագանգները սկսան երեւելի դառնալ  Եւրոպայի մէջ, ուր տարբեր  ամպիոններ կը խօսին  համընդհանուր վտանգի  մը  մասին՝ սկսեալ Ֆրանսայէն եւ Պէլճիքայէն: «Այսօր ամբողջ Եւրոպան վախի մէջ է»,- ըսաւ  Յակոբեան:  Ան   «Արեւելք»ի  աշխատակիցին հետ իր ունեցած  կարճ զրոյցի ընթացքին նաեւ   նկատել տուաւ, որ   «28 քաղաքակիրթ  երկիրներէ բաղկացած Եւրոմիութիւնը այսօր  ինքնորոշման բարդ  խնդրի մը  առջեւ կը գտնուի»,  դիտել տալով, որ «ինքնորոշման   խնդրի պատճառները  շատ տարաբնոյթ են, բայց անոնց մէջ  գլխաւոր տեղը կը գրաւէ      վախը՝ ապագային հանդէպ»:  Ան նաեւ պատմեց, թէ Հռոմի Ֆրանչիսկոս  Պապին  հետ իր ունեցած   վերջին հանդիպման   այս խնդիրները քննարկած է եւ   Կաթոլիկ եկեղեցւոյ   բարձրագոյն պատասխանատուները  այսօր կ'ըմբռնեն եւ կը  փորձեն լուծումներ գտնել  այս  տագնապին:  Ըստ Յակոբեանի,   այսօր  աշխարհի մէջ  գոյութիւն ունեցող տագնապներուն  խորքը  քաղաքական է. «Լուծումը  պէտք է քաղաքական  ըլլայ, եկեղեցիները, կազմակերպութիւնները, անձնաւորութիւնները կրնան խօսիլ, կրնան իրենք իրենց ձեւերով քիչ մը օգնել, բայց   որոշումները քաղաքական որոշումներ են»:   Յակոբեան  նոյնպէս դիտել տուաւ, որ        աշխարհի երկու    գերպետութիւնները,  իւրաքանչիւրը  իր  շահերուն  համար  կը պայքարի  եւ այդ  լարուածութեան  գխաւոր զոհերը  կը դառնան Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւնները: «Երբ  կը խօսինք, որ Սուրիոյ  մէջ  300.000  անձեր սպաննուած են,  այս   թիւը   բաւական  վտանգաւոր թիւ  է:  Իրաքի մէջ  եւս մեծ կորուստներ  եղան, ու այս բոլորէն անդին խնդիրները կը կարգաւորուին միայն,  ինչպէս   քիչ առաջ նշեցի,  երբ գերպետութիւնները կը յաջողին  քաղաքական  ընդհանուր հասարակաց յայտարարի մը հասնիլ»:

Յակոբեան   բարձր  գնահատեց Վատիկանի եւ Հայաստանեայց Առաքելական  եկեղեցւոյ միջեւ առկայ կապերը՝ այս առումով ըսաւ. «Վատիկանի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ առկայ կապերը շատ ամուր են  եւ պատմական հիմք ունին:  Ես  ի պաշտօնէ մօտէն    կը հետեւիմ այդ  կապին, ու լաւ կը  յիշեմ  երջանկայիշատակ   Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին     տարած ճիգերը այս առումով»:  Յակոբեան   յիշեցուց, որ անցեալ   12 Ապրիլին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ տեղի ունեցած  պատարագն ու Հռոմի Պապին  այս առթիւ տուած  պատգամը      կարելի է համարել պատմական եւ աննախընթաց:  Ան, խօսելով  քրիստոնէական միութեան  ընդհանուր գաղափարին մասին, ըսաւ. «Մեզի համար, ըլլանք  լուսաւորչական, ըլլանք կաթողիկէ կամ բողոքական, ոչ մէկ տարբերութիւն,  կարեւորը  մեր քրիստոնաէական հաւատքն է: Մենք   պարտաւոր ենք մոռնալ մեր տարբերութիւնները  եւ   ըլլալ աւելի հեռատես»: Ըստ   Յակոբեանի՝  Հռոմի  Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր հայ ժողովուրդի մեծագոյն բարեկամներէն մէկն է,  ու  այդ բարեկամութիւնը      սկիզբ առած է   Պապին բնօրրանէն ՝  Արժանթինէն: