image
Հրատապ լուրեր:

«Հալէպի Հայութեան Իրավիճակը Մեր Գլխաւոր Մտահոգութիւնն է» «Արեւելք»ին Յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի Փոխ Նախարար ՝ Սերժ Սրապիոնեան

«Հալէպի Հայութեան  Իրավիճակը Մեր  Գլխաւոր  Մտահոգութիւնն է» «Արեւելք»ին Յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի Փոխ Նախարար ՝ Սերժ Սրապիոնեան

«Ամէն  րոպէ հետեւում ենք  Սիրիայի ու մանաւանդ Հալէպի  հայութեան իրավիճակին»,- «Արեւելք» ին ըսաւ ՀՀ Սփիւռքի փոխ նախարար   Սերժ Սրապիոնեան: Փոխ նախարարը նաեւ յայտնեց, որ    ապահովական   մտահոգութիւններու բերումով   անյարմար է իրենց ունեցած  տեղեկութիւնները   եւ   Հալէպի հայութեան  վերաբերող  ծրագիրները հրապարկել: Ըստ փոխ նախարարին          Հալէպի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ ծանր եւ  քիչ չէ թիւը այն հալէպահայերուն, որոնք  փափաք յայտնած են դուրս գալ երկրէն: Նախարարը, որ  յարմար չնկատեց    յստակ ծրագիրներու մասին խօսիլ նշեց, որ Հալէպի  հայութեան տագնապը   դրուած է ՀՀ    բարձրագոյն մարմիններուն  սեղանին  եւ այս առումով   այնտեղի հայերուն  օգնութեան հասնելու  բազմազան սենարներ կան  եւ խնդիրը կապուած է  գետնի վրայ գրանցուող  զարգացումներուն հետ: Սրապիոնեան  նաեւ խօսեցաւ  Թուրքիա  ապաստանած եւ   9 անդամներէ բաղկացող ընտանիքի մը մասին, որոնք  նոյնպէս  փափաք յայտնած են Հայաստան տեղափոխուելու,- «գիտենք նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները համաձայնութիւն են տուել, որպէսզի  այդ ընտանիքը Հայաստան փոխադրուի»   ըսաւ փոխ նախարարը:  Սրապիոնեան  նաեւ վստահեցուց, որ  որեւէ  զարգացումի պարագային   Սփիւռքի նախարարութիւնը ինպչպէս նաեւ  ՀՀ օրինապահ մարմինները պատրաստ են  կարեւոր կարգադրութիւններ ընելու   վտանգի գօտիէն դուրս հանելու համար     մինչեւ այս պահը Հալէպի մէջ դիմադրող հայորդիները: