image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութահայ Ժիրայր Աւետիքեան արկածի ենթարկուած եւ ստոյգ մահէ փրկուած

Պէյրութահայ Ժիրայր Աւետիքեան  արկածի ենթարկուած եւ ստոյգ մահէ փրկուած

Լիբանանահայ երիտասարդ  Ժիրայր  Աւետիքեան  ծանր արկածի ենթարկուած եւ ստոյգ մահէ փրկուած է։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ  երիտասարդի հօրմէն՝ Ճօրճ Աւետիքեանէն։

 

 Մանրամասնութիւններուն մէջ   ինքնաթիռի (մօթորսայքըլ) վրայ եղած  ատեն  Ժիրայր  (23 տարեկան)զառնուած է ինքնաշարժի մը ու ծանրօրէն  վիրաւորուելով ետք փոխադրուած է հիւանդանոց։

 Վնասուած է անոր լեարդը եւ կրծքավանդակը եւ մինչեւ այս պահը կը գտնուի բժիշկներու խնամքին  տակ։

 

 Առողջութիւն կը մաղթենք  Ժիրայրին, որ արհեստով վարսավիր է, սակայն երկրին մէջ տիրող պայմաններուն հետեւանքով ստիպուած եղած է  այս փուլին հրաժարիլ իր արհեստէն եւ այլ գործով զբաղիլ։