image
Հրատապ լուրեր:

«Անկեղծ զինուոր» մը եւս.. Մահացած է Գօգօ Սողոմոնեանը

«Անկեղծ զինուոր» մը եւս.. Մահացած է Գօգօ Սողոմոնեանը

Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Գրիգոր (Գօգօ) Սողոմոնեանը։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

 

 Արցախեան առաջին պատերազմին մասնակցութիւն բերած ու ռազմերու ժամանակ ոտքէն ծանրօրէն վիրաւորուած Գրիգոր, երկար ճանապարհ կտրեց բուժուելու համար։

 Տագնապեցաւ, պայքարեցաւ եւ իր համար գերագոյն նպատակ դարձուց սեփական ուժին ապաւինելով ստեղծել ու կերտել խաղաղ ու բարօր կեանք։

 

 Կեանքը սակայն իր բարդ հարուածներով դաժան եղաւ Գրիգորին համար, որ պատերազմի փուլէն ետք երկար ժամանակով տառապեցաւ եւ ունեցած առողջական բարդութիւններուն հետեւանքով մեծապէս տուժեց։

 

 Տուժեց իբրեւ անհատ, տուժեց իբրեւ պայքարի ոգի ունեցող հայորդի եւ տուժեց որպէս «աանկեղծ զինուոր»։

 

 Ճիշդ է, որ Գրիգոր չէր դարձած անդամ ՝ ՀՅԴ-ին, բայց իր նուիրական կեցուածքով եւ պատրաստակամութեամբ միշտ ալ դարձած էր «անկեղծ զինուոր»ը իր սիրած ու պաշտած կուսակցութեան։

 

 Իր ընկերական նեղ շրջանակներուն մօտ «Ոզնի» անունով ճանչցուած Գրիգորի վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են իր շատ սիրելի ծննդավար՝  Պէյրութի՝ Քարմ Ալ Զայթուն շրջանի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ալ անոր մարմինը փոխադրուած է Ազգային Գերեզմանատուն։

 

 Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։