image

Ռամկավար գործիչ Արա Ահարոնեան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով

Ռամկավար   գործիչ Արա  Ահարոնեան  մահացած է  սրտի  կաթուածի հետեւանքով

 Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս նահանգին մէջ սրտի ծանր կաթուածի հետեւանքով  մահացած է ՌԱԿ յայտնի գործիչ եւ հրապարակախօս՝ Արա Ահարոնեանը։

 

 Այս մասին իմացանք «Ռամկավար Մամուլ» կայքէն։

 

 Աղբիւրը այս մասին ներկայացուցած է ամփոփ մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՌԱԿ Հայ Դատի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, վաստակաշատ եւ հաւատաւոր Ընկ. Արա Ահարոնեանի (Ծնեալ՝ 1952, Թրիփոլի) անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի՝ 05 Մայիս, 2021-ին, Լոս Անճելոսի մէջ։

 

Անոր մահով մենք կորսնցուցինք գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը: Մարդ, որ իր կեանքը իմաստաւորեց նուիրումով եւ Ռ.Ա.Կ.ի միջոցաւ գործեց յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն Հայ Դատին եւ յանուն հայրենիքին:

 

Ան տասնամեակներ շարունակ, գտնուելով ղեկավար դիրքերու վրայ, ունեցաւ գործօն մասնակցութիւն կուսակցական, ազգային եւ համայնքային կեանքէն ներս, իր բազմամեայ աշխատակցութիւնը բերաւ «Նոր Օր»ին, ինչպէս նաեւ կուսակցական մամուլներուն:

 

Ընկ. Ահարոնեան այսօր կը հեռանայ մեզմէ, միանալու մեր վեհապանծ կուսակցութեան պատմական անցեալը կերտած նուիրեալներուն, գաղափարապաշտ, երախտաւոր ընկերներու հոյլին: