image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Պատրիարքարանի կողմէ Հայաստանցիներուն ուղղուած օժանդակութիւնը անուրանալի է. Լիլիթ Պօղոսեան

Պոլսոյ մէջ. Պատրիարքարանի  կողմէ Հայաստանցիներուն ուղղուած օժանդակութիւնը անուրանալի է. Լիլիթ Պօղոսեան

 «Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Պոլիս հաստատուած հայրենահայ լրագրող՝ Լիլիթ Պօղոսեան

 

-Այս օրերուն Թուրքիան դարձեալ մտաւ համընդհանուր «լոքտաուն»ի նոր փուլ մը: Ինչո՞վ պայմանաւորուած է այդ մէկը: 

Թուրքիոյ մէջ վերջին շաբաթներու ընթացքին համավարակի տարածուածութեան ցուցանիշերը կ'ենթադրէին, որ պետութիւնը խիստ սահմանափակումներու կ'անցնի։ Անցնող մարտ ամսուան համեմատ, միայն Իսթանպուլի մէջ 10 անգամ աւելցած էր վարակուածներու թիւը, եւ համավարակի հետեւանքով հետզհետէ մահուան ցուցանիշերը, եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու տեղերու զբաղուածութիւնը մեծ չափերու հասած էր։ Եւ ինչպէ՞ս կրնար հակառակ պատկերը ըլլալ, եթէ շաբթուայ ընթացքին՝ անկախ մասնակի սահմանափակումներէն, ամէնուրէք խցանումներ էին՝ հանրակառք, մեթրօ, գնացք, շոգեկառք․ կարծես մարդիկ մոռցած էին համավարակի վտանգը, եւ պէտք էր վերստին յիշեցնել։

Միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ մէջ Ռամատանի ամիսն է եւ կարծես պահքի մէջ գտնուողներուն համար յարմար ժամանակահատուած է սահմանափակումներու համար։ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ մինչեւ Ռամատան ամսուան աւարտը ամէնօրեայ դէպքերու թիւը պէտք է նուազի 5000-էն վար: Չմոռնանք արձանագրել, որ նաեւ զբօսաշրջութեան շրջանի նախապատրաստական աշխատանքներ կան է ինչ-որ առումով, հակառակ պարագային՝ Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութիւնը կաթուածահար կ'ըլլայ։ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալները ատոր վառ ապացոյցն են․2021 թուականի յունուար-մարտ ամիսներուն նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ Թուրքիա այցելած զբօսաշջիկներու թիւը նուազած է 53.92 տոկոսով՝ կազմելով 2 միլիոն 689 հազար։ Ուշագրաւ է այն, որ այդ թիւի 1 միլիոն 953.086-ը օտարերկրացի զբօսաշրջիկներն են, իսկ 736.900-ը՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներ։

 

- Համընդհանուր «լոքտաուն»ի պայմանները որքա՞ն պիտի երկարին, ի՞նչ պայմաններ պիտի թելադրեն, եւ սահմանափակումները հիմնական որ ոլորտներուն ուղղուած պիտի ըլլան:

Թուրքիան 29 ապրիլէն մինչեւ 17 մայիս ամբողջական «լոքտաուն» սահմանած է, որպէսզի նուազեցնէ «Քորոնա» ժահրով վարակման եւ մահուան դէպքերու թիւի աճը: (Թուրքիոյ մէջ օրական վարակումներու թիւը կը գերազանցէ 63 000-ը): Այլ հարց է, թէ իրականութեան մէջ որքանով արդիւնաւէտ կ'ըլլան համընդհանուր սահմանափակումները։ Նշեմ, որ սա Թուրքիոյ մէջ շուրջ երեք շաբաթ տեւողութեամբ առաջին «լոքտաուն»ն է։ Շատերը Իսթանպուլէն մեկնած են իրենց ծննդավայրեր, որու հետեւանքով ճանապարհներուն մեծ խցանումներ գոյացան։ Նոր սահմանափակումներուն համաձայն՝ բնակիչները պարտաւոր են տունը մնալ՝ բացառութեամբ մթերքի գնումներու եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու համար տունէն դուրս գալը։ Բոլոր գրասենեակները, աշխատավայրերը, բացառութեամբ ՆԳՆ-ի կողմէ առանձին նշուածներէն, փակ պիտի ըլլան: Միջքաղաքային ուղեւորութիւնները պիտի իրականացուին պարտադիր թոյլտուութեամբ, հասարակական փոխադրամիջոցը պիտի աշխատի 50% ծանրաբեռնուածութեամբ:
«Լոքտաուն»ի պայմաններուն մէջ պիտի չեղարկուին դասերը դպրոցներուն եւ մանկապարտէզներուն մէջ: Մնացած ուսումնական հաստատութիւնները պիտի անցնին կրթութեան հեռավար ձեւաչափի, քննութիւնները պիտի յետաձգուին: Պիտի պահպանուին պարէտային ժամի պայմանները երեկոյեան եւ գիշերային ժամերուն: Հիւրանոցները պիտի դադրին ամրագրումներ կատարելէ եւ պիտի մտցնեն խիստ «քարանթին»ային ռեժիմ։ Ամենաանհեթեթը խմիչքի վաճառքի համընդհանուր արգելքն է, որ դժգոհութեան տեղիք տուած է։

 

- Թուրքիոյ մէջ լրասփիւռները յաճախ կը տեղեկացնեն, որ մեծ թիւով պատուաստներ կը գնէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, տեղեկութիւն ունի՞ք, թէ պատուաստումի ընդհանուր ընթացքը ի՞նչպիսինէ:

24 ապրիլ 2021-ի դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ 21 միլիոն 63 հազար 448 դեղաչափ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստում եղած է։ Թուային առումով Թուրքիան ԱՄՆ-էն, Չինաստանէն, Հնդկաստանէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Պրազիլէն, Գերմանիայէն ետք ամենաշատ պատուաստուող երկիրներէն մին է։ Թուրքիոյ մէջ կ'օգտագործուին Pfizer/BioNTech, Sinovac պատուաստանիւթերը։ Ըստ վերջին տուեալներու՝ 13 միլիոն 109 հազար 458 անձ ստացած է առաջին դեղաչափը, իսկ մօտ 7 միլիոն 954 հազարին մօտ անձինք ալ երկրորդ դեղաչափ պատուաստումը ընդունած են։ Այսպիսով Թուրքիոյ բնակչութեան 15․34-ը Covid 19-ի դէմ պատուաստուած է։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը լրագրողներուն յայտնած է, որ առաջիկային ռուսական Sputnik V պատուաստանիւթն ալ պիտի մտնէ Թուրքիա, որուն համար ալ Ռուսաստանի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են։ Աւելին՝ ան ընդգծած է, որ երկրին մէջ բաւարար չափով պատուաստանիւթ կայ եւ կը հաւատան, որ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն կը սկսին տեղական պատուաստանիւթի արտադրութիւնը։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները համաձայն չեն շրջանառուող լուրերուն, թէ բաւարար չափով պատուաստանիւթ կայ եւ խնդիր չկայ։ Անոնք վտահ են, որ գործ ունին մեծ սուտի հետ, հակառակ պարագային երկրին մէջ այսպիսի ցուցանիշներ չէին արձանագրուիր եւ պատուաստանիւթի երկրորդ դեղաչափի ընդունման ժամադրութիւնները չէին երկարաձգուիր։

 

-Ինչպիսի՞ դրութիւն կը տիրէ հայկական թաղամասերուն մէջ: Գիտենք որ համավարակի պատճառով շատեր իրենց աշխատանքը կորսնցուցին եւ մնացին անգործ, որեւէ մակարդակի օգնութեան ձեռք կը մեկնուի՞ անոնց:

Արժէ նշել, որ համավարակի առաջին փուլին Թուրքիա ապրող հարիւրաւոր հայաստանցիներ՝ ստեղծուած անելանելի վիճակէն ելլելով, նախընտրած էին հայրենիք վերադառնալ։ Համավարակի ճգնաժամի մէջ յայտնուած հայաստանցիներու խնդիրները նոյնանուն են՝ գրեթէ բոլորի մօտ ալ թիւ մէկ խնդիրը սահմանափակումներու ֆոնին առաջացած մասնակի վարձատրութեան կամ վարձատրութեան ի սպառ բացակայութեան պատճառով ընկերային ծանր վիճակն է, որու հետեւանքով տան վարձավճարի եւ շղթայական յաջորդականութեամբ՝ անկէ բխող խնդիրներ կը գոյանան։

Անուրանալի է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի՝ համավարակի ընթացքին ամիսներ շարունակ ցուցաբերած պարէնամթերքի օգնութիւնը, որու զգալի մասը տրամադրուած է հայաստանցի ընտանիքներուն, սակայն դեռ յայտնի չէ, թէ այս անգամ ինչ աջակցութիւն կը նախատեսուի։ Քանի որ հայաստանցիներէն շատերը կ'աշխատին կօշիկի եւ պայուսակի արտադրութեան, հիւրանոցային եւ ճաշարանային, առեւտուրի եւ նմանօրինակ ոլորտներու մէջ (ոսկերչութիւն, վարսայարդարում, բեռնափոխադրումներ եւ այլն), ինչպէս նաեւ կը զբաղին տնային գործեր ընելով, համավարակի սահմանափակումները առաջին հերթին անոնց կը հարուածեն։ Շատերը գրանցուած աշխատողներ չեն, ուստի գործատուի կամայականութեան կամ խիղճի թելադրանքով միայն կ'արժանանան պատշաճ վերաբերմունքի եւ տունը գտնուելու շաբաթներուն կը վճարուին։ Յուսանք, որ այս սահմանափակումները Թուրքիոյ մէջ աշխատող հայաստանցիներու համայնքին մէջ նոր ցնցումներ չեն առաջացներ։