image

«Եւրոպան չի փափաքիր, որ Թուրքիան Ե.Մ.ին անդամ դառնայ» Քերոբ Էքիզեան

«Եւրոպան չի փափաքիր, որ Թուրքիան Ե.Մ.ին անդամ դառնայ» Քերոբ Էքիզեան

 Հակառակ վերջին օրերուն ընթացող դիւանագիտական բարձր մակարդակի շփումներուն Աթէնք- Անգարա տարաձայնութիւնները կը շարունակուին։

 Խորքային ու նաեւ տնտեսական հիմք ունեցող այդ տարաձայնութիւններուն, այսօր առկայ ընդհանուր դրութեան եւ յատկապէս Յունաստանի դիմագրաւած խնդիրներուն մասին օրերս Գահիրէ հրապարակուող «Յուսաբեր»ը զրոյց մը կատարած է Աթէնք հրապարակուող «Ազատ օր»ի խմբագիր ՝ Քերոբ Էքիզեանին հետ։

 

 Ստորեւ հատուած մը օրերս հրապարակուած այդ հարցազրոյցէն։

 

 

Վերջին ամիսներուն այս «հակամարտութիւն»ը սրեցաւ, սակայն նկատելի է նաեւ, որ ամէն անգամ, որ Եւրոպական Միութիւնը տագնապին վերաբերեալ, փորձէ «խօսք հասկցնել» Թուրքիոյ, Անգարա քայլ մը ետ քաշուի, սակայն նոյնպէս ալ չի հրաժարիր իր միտումներէն։

 

Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիան կանգնած է Եւրոպական Միութեան սեմին, սակայն Եւրոպայի դռները կը շարունակեն մնալ փակ։ Յստակ է, որ Ե.Մ. չի փափաքիր Թուրքիան որպէս եւրոպական ընտանիքի լիիրաւ անդամ տեսնել։ Անցեալին, Ե.Մ. «կը պահուըտէր» այսպէս կոչուած «թուրք եւ յոյն հակամարտութեան» ետեւ։ Երբ բաւական տարիներ առաջ Յունաստան յստակօրէն յայտնեց թէ դրական կը տեսնէ Թուրքիոյ ամբողջական անդամակցութիւնը, փաստօրէն խնդիրը փոխադրեց Ե.Մ. սեղանին, հարցին մէջ միջամուխ դարձնելով մնացեալ երկիրները եւս։

Այսօր, Էրտողանեան այլանդակ քաղաքականութեան լոյսին տակ, մասնաւորապէս երբ գաղթականներու խնդիրը ձիւնհալի մը նման կը սպառնայ Եւրոպային, վերջինը պարտաւոր է ամէն տեսակի օգնութիւն եւ աջակցութիւն ընձեռել Յունաստանին, որ մասնաւորապէս անցեալ Մարտին՝ համավարակի երեւման առաջին շրջանին, կարողացաւ ամուր պահել իր սահմանները գաղթականներու գրոհներուն դիմաց, որոնք Թուրքիոյ սպասարկութիւններու կազմակերպութեամբ քանիցս փորձեցին ճեղքել յունական (իմա՝ եւրոպական) սահմանագիծը եւ Եւրոպան ողողել տասնեակ հազարաւոր գաղթականներով։

Եւրոպան «ստեպղինի եւ խարազանի» քաղաքականութամբ կը փորձէ մերթ պատժամիջոցներու, մերթ մեղմացման քաղաքականութեամբ կարգի բերել Թուրքիան։ Անշուշտ, Միջերկրականի ուժանիւթի հարցը կը շարունակէ բարդ թուաբանական խնդիր մը ըլլալ, որուն մէջ տակաւին ստոյգ չէ, թէ կողմերը ինչպէս պիտի կարողանան բոլորին գոհ պահել։