image
Հրատապ լուրեր:

Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է կոչէ իր անունով. Los Angeles Times-ի շռնդալից խմբագրականը

Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է կոչէ իր անունով. Los Angeles Times-ի շռնդալից  խմբագրականը

Լոս  Անճելըսի մէջ հրապարակուող Los Angeles Times-ը օրերս  ուշագրաւ  խմբագրական  մը հրապարակած է, նշելով, որ արդէն հասած է  ժամը, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն  անտեսէ  բոլոր  մակարդակի  դժուարութիւններն ու խնդիրները   եւ անցեալ  դարասկիզբին  հայութեան դէմ  գործուածը կոչէ իր անունով  բարձրաձայնելով եւ ըսելով, որ «Եղածը Հայոց Ցեղասպանութիւն էր»։

 Ստորեւ  «Արեւելք»  իր ընթերցողներու  ուշադրութեան  կը յանձնէ  այդ  խմբագրականի  կարեւոր  հատուածները    թարգմանուած՝  անգլերէնէ։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն հնարաւորութիւն ունի այս ամիս,  Օսմանեան կայսրութեան հայերու զանգուածային կոտորածէն շուրջ մէկ դար անց, կատարուածը կոչել ճշգրիտ եզրոյթով՝ ցեղասպանութիւն:

Զարմանալի է, որ հայերու հետ տեղի ունեցածը «ցեղասպանութիւն» եզրոյթով անուանելու հարցը նոյնիսկ քննարկման կը դրուի, որովհետեւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան ցաւը պատմութեան ընթացքին աւելի կը տարածուի, քանի որ կառավարութիւնները կը յապաղին ճանաչել զայն։

 Չմոռնանք,  որ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով, Թուրքիա բնակող հայերու թիւը շուրջ 2.1 միլիոնէն նուազած է, եւ դարձած քանի մը հարիւր հազար:Ու  թէպէտ  Թուրքիոյ  կառավարութիւնը, որ կը շարունակէ հերքել իրագործուած ոճրագործութիւնը, կը պնդէ, թէ կատարուածը պատերազմի հետեւանք էր նշելով,  որ  մահացած են ոչ միայն քրիստոնեայ հայերը, այլեւ հրեաներն ու իսլամները, սակայն իրականութեան մէջ հայերը թիրախ դարձած են իրենց ցեղի պատկանելիութեան պատճառով:

 Ու թէպէտ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ յամառօրէն հերքել կատարուածը, աշխարհի շատ  տէրութիւններ  արդարացիօրէն ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը եւ պաշտօնական դիրքորոշում ընդունելով   տեղի ունեցածը անուանած են  «Հայոց ցեղասպանութիւն։ ԱՄՆ-ի պարագային հարցը սուր է, քանի որ ՆԱԹՕ-ի անդամ  Թուրքիան այդ երկրի համար ռազմական դաշնակից է,  եւ թրքական Ինճիրլիքի մէջ տեղակայուած է ամերիկեան  կարեւոր ռազմակայան: Այդուհանդերձ, թուրք-ռուսական յարաբերութիւններով պայմանաւորուած՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն  բաւականին  սրուած  են:  Չմոռնալով հանդերձ, որ  ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը 2019 թուականին պաշտօնապէս ճանչցաւ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը,  սակայն ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւն որոշողը Սպիտակ տունն է:

ԱՄՆ-ի 44-րդ նախագահ՝ Պարաք Օպաման ոսկեայ հնարաւորութիւն ունէր կատարելու իր  նախընտրական խոստումը ու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ճանաչելու պատմական փաստը: Այդուհանդերձ, Օպաման վերջին պահուն ետքայլ ըրաւ եւ փոխարէնը օգտագործեց Ցեղասպանութեան համար հայերէնով օգտագործուող «Մեծ Եղեռն» եզրոյթը: Նոյնը ըրաւ նաեւ յաջորդ նախագահի՝ Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը:

 Այսօր նախագահի պաշտօնը ստանձնող Պայտըն, ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը խորապէս ու ամենալայն իմաստով ըմբռնող եզակի նորընտիր նախագահներէն է՝ Ճորճ  Ու. Պուշէն ետք: Սակայն ան եւս ինքզինք դրսեւորած է որպէս չափաւոր  գործնապաշտ: Անկասկած, արտաքին քաղաքականութիւնը կրնայ ըլլալ, որպէս բազմաչափ ճատրակի խաղ, որու գաղափարը ոչ թէ անպայմանօրէն յաղթելն է, այլ համոզուած ըլլալը, որ հակառակորդդ կը պարտուի: Սակայն այստեղ կարեւոր է ճշմարտութիւնը եւ պատմութեան արդար ճանաչումը եւ  Պայտըն պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւնը կոչէ իր անունով