image

Ծանր բօթ Լիբանանէն. «Քորոնա»ի զոհ գացած է երիտասարդ՝ Դրօ Մանտալեան

Ծանր բօթ Լիբանանէն. «Քորոնա»ի զոհ գացած է երիտասարդ՝ Դրօ Մանտալեան

Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի տարածումով պայմանաւորուած տագնապալի իրավիճակը կը շարունակէ տիրական մնալ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ վարակին հետեւանքով մահացութիւններու թիւը կը շարունակէ մնալ բարձր։

Ըստ «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրներուն, իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ երիտասարդ Դրօ Մանտալեանը  (1973-ի ծնունդ), պէյրութեան մակարդակով յայտնի  Jack Gifts  հաստատութեան տէրն ու տնօրէնը։

Ան, որ գրեթէ երկու շաբաթ առաջ փոխադրուած էր հիւանդանոց, անդուլ պայքար մղած է այս չարաղէտ հիւանդութեան դէմ եւ այսօր ցաւալիօրէն աւանդած իր հոգին։

Պէյրութի Եղիշէ Մանուկեան վարժարանէն շրջանաւարտ Դրօ Մանտալեան կանուխ հասակէն ընկերակցած է իր հօր՝  հաստատութեան հիմնադիր Տիար Ժագ Մանտալեանի, մէկ  կողմէն ուսանելով եւ  միւս կողմէ ալ  նետուուելով վաճառականութեան ոլորտ,  եղած է ունակ եւ շրջապատին մէջ  սիրուած ու յարգուած առեւտրական մը։

Երիտասարդ Դրոն աւելի ուշ մասնակից եղած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան եւ դարձած անդամ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի շրջանին՝  հանդիսանալով  շրջանի  աշխոյժ եւ սիրուած վարչականներէն մին (ան  տարբեր առիթներով ալ  ստանձնած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի  ատենապետի  պաշտօնը)։

Իսկ վերջին տարիներուն Դրօ Մանտալեան անդամակցած է Դաշնակութեան մեծ ընտանիքին ու դարձած հաւատաւոր կուսակցական անդամ՝ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէութեան։

Արցախը  սիրող  եւ Արցախի  դատին հաւատացող  Դրոն  ԱՌԻ (Artsakh Roots Investment) կազմակերպութեան հաւատաւոր բաժնէտէր, տնօրէն խորհուրդի, գործունեայ  եւ աշխոյժ անդամներէն էր։

Իր ընտանիքին նուիրուած Դրոն սիրուած ամուսին էր եւ հայր երեք զաւակներու։

Լիբանանահայութեան համար ցաւալի կորուստ համարուող այս շիջումը մեծապէս տխրեցուցած է զինք ճանչցողները, միութենական եւ գաղափարական ընկերները։