image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիան անցաւ մահուան եւ շուքի մէջէն , բայց մնաց կանգուն. Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հարցազրոյցը ՝ Arevelk.am-ին (Տեսանիւթ)

Սուրիան  անցաւ մահուան  եւ շուքի  մէջէն  , բայց մնաց կանգուն. Վեր. Դոկտ.  Յարութիւն Սելիմեանի  հարցազրոյցը ՝ Arevelk.am-ին (Տեսանիւթ)

Օրերս մեկնարկեց «Արեւելք»-ի «Անկեղծ Զրոյց» յայտագիրը։ Այս առիթով լրագրող Սագօ Արեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին հետ: Սելիմեան անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող  իրավիճակին դիտել տուաւ.  «Սուրիան անցումային կէտ  մը  չէ սուրիահայութեան համար, որ երբ դժուարութիւն ունենայ  մեկնի: Հիւրանոցի նման չէ, ուր ներկայացուած ծառայութիւնները չհաւնելով հիւրանոցը փոխէ: Կարելի չէ ասպնջական Սուրիան լքել, երբ անիկա արիւնաքամ է»։

Վեր. Սելիմեան մատնանշեց. «Ֆիզիքական վտանգը սպառնացող պատերազմի փոխարէն, այսօր թեւակոխած ենք  ընդդէմ նոր դրուածքի մը առաջ: Այսօրուան պատերազմը՝ սահմանփակումի, շրջափակումի եւ  տնտեսական անկումի պատերազմ է»:
 

Վեր. Դոկտ. Սելիմեան խօսելով հայրենադարձութեան մասին ըսաւ.

«Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ մեր համայնքի զաւակներուն  կամեցողութեամբ, բազմահարիւր հայ ընտանիքներ տեղափոխեցինք մայր հայրենիք։ Համոզուած ըլլալով, որ իբրեւ ելակէտ հայրենադարձութիւնը կրնայ փրկութիւնը ըլլալ շատ մը ընտանիքներու »:

Վերապատուելին նաեւ յայտնեց, որ պէտք է նեցուկ կանգնիլ  Սուրիա եւ Լիբանան բնակիլ ու ստեղծագործել ուզող հայ ընտանիքներուն եւ անհատներուն՝ ամէն ձեւով սատար հանդիսանալով իրենց առած որոշումին նկատմամբ։

Վերապատուելին իր եզրակափակիչ խօսքին մէջ ըսաւ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը  միշտ  կարեւոր եւ  ուղենշային դերակատարութիւն ունեցած է. «Միջին Արեւելքի օրհնեալ հողերուն վրայ քրիստոնէութեան վկայութիւնը մնայուն արձագանգող ներկայութիւն է։ Պատմութեան մէջ միշտ ալ եղած են  տառապանք, պատերազմ, տարագրութիւն եւ մահ, բայց որքան ալ դժուարութիւնները բազում ըլլան Բարձրեալին կամքով եւ զօրութեամբ պիտի դիմակայենք զանոնք»: