image

«Փափաքս է, որ իմ նման իգական սեռի ներկայացուցիչներ խաչքարագործ դառնան» Նարինէ Փօլատեան

«Փափաքս է, որ իմ նման իգական սեռի  ներկայացուցիչներ   խաչքարագործ դառնան» Նարինէ Փօլատեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հայրենադարձած լիբանանահայ Նարինէ Փօլատեան: Ան Հայաստան եկած է 2018-ին, իբրեւ կամաւոր, հիմա արդէն սորված է խաչաքարագործութիւն եւ կ'աշխատի խաչքարագործի արհեստանոցի մէջ:

 

-Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ դուք ընտրէք խաչքարագործութեան ոլորտը, քանդակելը քարերու վրայ, ինչպէ՞ս եղաւ առաջին հանդիպումը եւ ուրկէ՞ բխեցաւ այդ սէրը:


Երբ 2018-ին 6 ամիսով որպէս կամաւոր Birthright («Դէպի Հայք») ծրագրով Հայաստան եկայ, նախ երեք ամիս Գիւմրիի մէջ պիտի աշխատէի, ետքը 3 ամիս Երեւանի մէջ: Դեռ Գիւմրիի մէջ կամաւորութեան շրջանիս Երեւան այցելած ժամանակս երբ պատահմամբ անցայ Արամի փողոցով եւ տեսայ այնտեղ աշխատող խաչքարագործները, մէջս տարօրինակ զգացում մը ծնաւ, որովհետեւ մինչ այդ յատուկ հետաքրքրութիւն մը չէի ունեցած եւ անտաբեր եղած էի խաչքարերու նկատմամաբ: Թերեւս զիս գրաւողը անոնց աշխատանքի գործընթացն էր, կամ արհեստանոցի տեսքը, որ բացօդեայ, ճամբուն վրան էր, կամ արդեօք այն միտքը, որ բոլորը տղաք են, եւ իգական սեռի ներկայացուցիչ խաչքարագործ չկար: Եւ այդ զգացումէն մղուած որոշեցի մօտենալ եւ հարցնել իրենց եթէ կրնամ ես ալ սորվիլ, եւ պատասխանը դրական եղաւ: Շատ ուրախ էի, անհամբեր կը սպասէի Գիւմրիէն Երեւան գալս, որ սկսէի սորվիլ խաչքար քանդակելու արհեստ-արուեստը։

 Ու յետոյ կամաց-կամաց զգացի, թէ ինչքան կը սիրեմ այս գործը։ փոշին, պարզութեան մէջ աշխատիլը, մթնոլորտը, այդ բոլորը գրաւեցին զիս։

 

-Կ'ըսեն որ Հայաստանը քարի երկիր է, երբ աշխատանք կը տանիք քարին վրայ, ի՞նչ կ'ըլլան ձեր զգացումները։ Ի վերջոյ այդ «Քարէ Հայաստան»ը ի՞նչ իմաստ եւ նշանակութիւն կ՚ունենայ։


Յայտնի երեւոյթ է, որ ամէն երկիր ինչով որ հարուստ է, այդ հարստութիւնը օգտագործած է իր առօրեային մէջ, կամ այս պարագային՝ արուեստին մէջ: Մենք բախտաւոր ենք որ քարի երկիր ենք, մանաւանդ որ ունինք հրաբուխային քար՝ տուֆը: Տուֆը շատ լաւ յատկութիւն մը ունի, այն մարդու նման է, այսինքն հոգի եւ բնաւորութիւն ունի, ատոր համար իր հետ խօսիլը շատ հաճելի է: Տուֆ քար կայ, որ շատ կարծր է, կարծր բնաւորութիւն ունի, իր հետ խօսիլը, աշխատիլը դժուար է, կայ փափուկ տուֆ, փափուկ բնաւորութեամբ, որուն հետ շատ զգոյշ պէտք է «խօսիլ», կրնաս իրեն նեղացնել եւ ջարդել: Ատոր համար կը սիրեմ այս քարը: Ինչքան ուզես աշխատիր քարի մը վրայ, տեղ մը կը հասնի, որ պիտի ստիպուիս իր բնաւորութեան հետ հաշուի նստիլ, եւ անոր համապատասխան աշխատիլ:

 

-Դարաւոր գործի մը հետ կապ ունիք, որովհետեւ մեր նախահայրերը միշտ սիրած են քարին հետ «խօսիլ» եւ առնչուիլ, սակայն չէ պատահած կամ թերեւս մեզի ծանօթ չէ, որ կանայք եւս ներգրաւուին այս գործին: Ի՞նչ են ձեր մտածումները այդ մասին, շրջապատը ինչպէ՞ս կ'ընկալէ ձեր մօտեցումը:


Նախ ըսեմ, որ այս կէտը, այսինքն իգական սեռի ներկայացուցիչ խաչքարագործ ըլլալը, ինծի շատ աւելի կը քաջալերէ եւ ուժ կու տայ որ շարունակեմ այս գործը: Շատերու համար զարմանալի կը թուի ,թէ ինչպէս կրնամ այս ծանր կամ «տղու գործը» ընել, նոյնիսկ ծնողքս զարմացած էր որ որոշած էի մասնագիտութիւնս մէկդի դնելով այս գործը շարունակել: Բայց ուրախութեամբ կ'ընեմ եւ բարձր տրամադրութեամբ, ատոր համար ալ չեմ զգար գործի ծանրութիւնը: Ֆիզիքական յոգնութիւնը վստահ կայ, բայց չեմ մտածեր ատոր մասին, որովհետեւ կ'ուզեմ աշխատանքի աւարտին հասնիլ, որպէսզի տեսնեմ լաւ արդիւնքը:

Վստահ եմ հին ժամանակ ալ եղած են կին խաչքարագործներ, կամ եթէ ոչ խաչքարագործներ, ապա հաստատ՝ կիներ, որոնք օգնած են իրենց ամուսիններուն կամ զաւակներ խաչքար քանդակելու ժամանակ: Եւ ես այս գործին մէջ տարբերութիւն չեմ դներ՝ աղջիկ է ընողը կամ տղայ, որովհետեւ մենք բոլորս պարտաւոր ենք պահպանել մեր մշակոյթը: Շատ ուրախ կ'ըլլամ եթէ ապագային ուրիշ իգական սեռի խաչքարագործներ ալ ըլլան, եւ ես շուտով պիտի զբաղուիմ այս գործով՝ աղջիկներուն սորվեցնելով:

 

-Կը կարծէ՞ք որ այս ոլորտին մէջ տակաւին զարգանալու, նոր բան աւելցնելու տեղ կայ կամ թէ բոլոր ճանապարհները արդէն յստակ են, բոլոր մօտեցումները որ կան արդէն գործադրութեան կը դրուին եւ աւելցնելիք շատ քիչ է, ի՞նչ կը մտածէք դուք:


Վստահ որ զարգանալու տեղ շատ կայ, որովհետեւ դարերու ընթացքին միշտ ալ փոփոխութիւններ եղած են եւ այդպէս խաչքարագործութիւնը միշտ ալ զարգացած է... դարերու ընթացքին խաչքարերը սկսած են ուղղանկիւնաձեւ ըլլալ կամ խաչերը սկսած են թեւաւոր ըլլալ, յետոյ սկսած են երկրաչափական, բուսային, ծաղկային եւ աստուածաշունչի կերպարներներով խաչքարերը Այսինքն միշտ ալ նորութիւններ եղած են եւ պէտք է ըլլան, անշուշտ հինը պահելով: Արուեստը կեանքի պէս է, կը շարունակուի:

 

-Սովորոյթ մը կայ, որ Սփիւռքի մէջ շատ կը սիրեն Հայաստանի մէջ պատրաստուած խաչքարեր, քարէ քանդակներ տանիլ իրենց հետ, տեղափոխել այլ տեղ, ըլլայ այն եկեղեցիներու բակերու մէջ, կամ որպէս արձաններ, կիսանդրիներ կամ նոյնիսկ գերեզմանի խաչքարեր: Ինչո՞ւ սփիւռքահայերը միշտ Հայաստանի քարին վրայ կը դնեն «գրաւը», ի՞նչ է ձեր տեսակէտը:


Այս բոլորը կապուած է ե՛ւ հայրենիքի կարօտի հետ, ե՛ւ մշակոյթի հանդէպ սիրոյ հետ, որովհետեւ սփիւռքահայերը միշտ ուզած են Հայաստանէն մասնիկ մը ունենալ կամ տանիլ իրենց հետ, որ այս պարագային մեր յարգի տուֆ քարն է, որով Հայաստանը իւրայատուկ է: