image

«Բացարձակ սուտ է». «Իսկանտար»ի մասին Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւնները բուռն արձագանգի կ՚արժանան Մոսկուայի մէջ

«Բացարձակ սուտ է». «Իսկանտար»ի մասին Փաշինեանի  կատարած յայտարարութիւնները բուռն արձագանգի  կ՚արժանան Մոսկուայի մէջ

Նախօրէին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կասկածի տակ դրած էր ռուսական հրթիռային համալիրներու աշխատանքը:

Ան ըսած էր, որ այդ հրթիռները «չեն պայթել կամ պայթել են միայն 10 տոկոսով»: Այդպիսով ան մեկնաբանած էր ՀՀ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը, որ հայկական բանակը կրնար կիրառել «Իսկանտարը» Ղարաբաղի վերջին պատերազմին ընթացքին։

Փաշինեանի  երէկ արտայայտած մտքերուն  Ռուսաստանի արձագանգը չէ ուշացած եւ այդ մասին խօսած է Ռուսաստանի Ազգային Ժողովի (Պետ Տումա) կոմիտէի փոխնախագահ Վիքթոր Զաւարզինը «Գովորիտ Մոսկուա» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Ռուս գործիչը մասնաւորապէս քննադատած է հայ քաղաքական գործիչի կարծիքը: Ան նշած է, որ այդպիսով Փաշինեան որոշած է ընդգծել իր անմեղութիւնը կապուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին զարգացումներուն։

«Երբ մարդ կ՚ուզէ անմեղ ըլլալ, մեղաւոր կը հանէ ե՛ւ «Իսկանտարներ»ը, ե՛ւ հայ ժողովուրդը, ե՛ւ զինուորականները: Ի վերջոյ «Իսկանտարը» բարձր ճշգրտութեան զէնք է։ Փաշինեանի խօսքերը բացարձակ սուտ են եւ նոյնիսկ կասկածի ենթակայ չեն: Պատահական չէ, որ Արեւմուտքը յաճախ կը խօսի այդ փոքր հեռահարութեան հրթիռները բանակցային գործընթաց բերելու մասին:  Այդ հրթիռները օգտագործուած են Սուրիոյ մէջ եւ եղած են արդիւնաւէտ եւ ճշգրիտ։ Ես, մեղմ ըսած, համաձայն չեմ Փաշինեանի այդ կարծիքին հետ»,-ըսած է Զաւարզինը։