image

#Հրատապ. Լիբանանի մէջ 1 ամերիկեան տոլարը 10.000՞-ի

#Հրատապ. Լիբանանի մէջ  1  ամերիկեան տոլարը 10.000՞-ի

 Անցնող օրերուն Լիբանանի ելեւմտական շրջանակներ դարձեալ տագնապի մատնուած են։

 Խօսքն անշուշտ Պէյրութի մէջ ամերիկեան տոլարի սակագնին կտրուկ աճին մասին է, որ վերջին ժամերուն ալ հատած է ամիսներ առաջ «կարմիր գիծ» համարուող 9000 լիբանանեան լիրայի սահմանագիծը։

 

 Պէյրութեան կարգ մը աղբիւրներ «Արեւելք»ին խօսելով յայտնած են, որ երբեք չի բացառուիր, որ յառաջիկայ օրերուն ամերիկեան տոլարը վաճառուի 10.000 լիբանանեան թղթոսկիի, այդպիսով ստեղծելով նախընթաց մը երկրի ելեւմտական ընդհանուր պատմութեան մէջ։

 

 

 «Սեւ Շուկայ...»

 

 Ի դէպ Պէյրութի մէջ դրամական այս ցնցումները եւ անկանխատեսելի վերելքը ամէնէն առաջ երեւելի կը դառնան «սեւ շուկա» կոչուած դրամական շուկաներուն մէջ, որոնք «կը ղեկավարուին» երկրի դրամական ներուժը իրենց ձեռքերուն ունեցող երեւելի կամ աներեւելի կողմերէ։

 

 

 Մինչ պաշտօնական մարմիններ կը մերժեն մեկնաբանութիւն տալ եղածներուն, անդին սակարանով կամ դրամական շուկայով զբաղուող շրջանակներ կը յայտարարեն, որ վերջին ցնցումը կապ ունի կարգ մը անուանի լումայափոխներու ոչ պատասխանատու արարքներուն հետ, որոնք ալ իրենց կարգին կարողացած են որոշ «մոնոփոլ» մը ստեղծելով «իւրացնել» դրամական շուկայի ամբողջ պատկերը։

 

 Ամէն պարագայի տակ երկրին մէջ արդէն իսկ առկայ տնտեսական, ոչ բարւոք դրութիւնը աւելիով կրնայ վատթարանալ պատճառ դառնալով աղքատութեան տոկոսներու կտրուկ աճին, որուն հետեւանքով ալ երկրին մէջ կրնայ աճ արձանագրել ներ-քաղաքացիական խռովութիւններու վտանգաւոր հաւանականութիւնը։

 

 

 «Արեւելք»