image

Սփիւռքահայ երիտասարդը կալանքի տակ

Սփիւռքահայ երիտասարդը կալանքի տակ

Սփիւռքահայ երիտասարդ Յակոբ Պէրպէրեանի դէմ երկու ամսուան կալանքի դատավճիռ հրապարակուած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ իրաւապաշտպան Ռուբէն Մելիքեանէն։

 

Աւելի ուշ մեզի նաեւ պարզ դարձաւ, որ Պէրպէրեանի փաստաբան Ֆրէտ Սարգսեան  հանդէս եկած է գրառումով մը, որուն մէջ կը մանրամասնուի Յակոբի կալանքի տակ առնուելու մեղադրանքը։

Փաստաբանը, որ անարդար կը համարէ դատարանի որոշումը,նաեււ նշած է, որ Պէրպէրեանի դէմ մեղադրանք կար նոյեմբերի գիշերը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններուն մասնակցելու կապակցութեամբ։

Յիշեցնենք, որ արմատներով հալէպցի Յակոբ Պէրպէրեան հայրենադարձուած է նախքան Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը։ Շրջան մը եղած է ուսանող արեւելագիտութեան հիմնարկէն ներս, ապա նետուած կեանքի ասպարէզ։

 Պէրպէրեան ամուսնացած է եւ հայր մէկ երեխայի՝ Դրօ։

Ազգային բարձր գիտակցութեան եւ արժէքներու տէր երիտասարդը, որպէս կամաւոր մասնակցած էր 2016 թուականի քառօրեային, իսկ վերջին պատերազմին եւս ան իր մասնակցութիւնը բերած էր Մարտունիի մէջ մղուող մարտական գործողութիւններուն։