image

Ֆիլթման. «Մենք ձախողեցանք Սուրիոյ մէջ»

Ֆիլթման. «Մենք  ձախողեցանք  Սուրիոյ մէջ»

 Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան ազդեցիկ   գործիչներէն   Ճէֆրի  Ֆիլթման   յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ վերաբերեալ քաղաքականութիւնը ձախողած է»։

 

 Այս  մասին «Արեւելք»  իմացաւ  «Շարք ալ աուսէթ» պարբերականէն։

 

 Ֆիլթման, որ     Սուրիոյ  այսօրուան     ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ  տագնապի  արմատներուն ու Ամերիկեան  քաղաքականութեան մասին  համընդհանուր   պատկեր մը  ներկայացնել  փորձած է նաեւ ըսած է, որ այսօր  նախագահ Ասատի   իշխանութեան համար  ռազմական       սպառնալիքներ չկան եւ Սուրիոյ  հիմնական խնդիրը տնտեսական   բարդ  իրավիճակն է։

 

 

 Ամերիկացի  դիւանագէտը, որ մինչեւ   վերջերս կը վարէր  ԱՄՆ  արտաքին գերատեսչութեան   Մերձաւոր Արեւելքի   բաժանմունքին մէջ   ազդեցիկ  պաշտօն  մը, նաեւ չէ  բացառած, որ ԱՄՆ  յառաջիկայ փուլին  երկխօսութիւն  ունենայ   Նախագահ Ասատի գլխաւորած իշխանութեան հետ։