
Պոլսոյ Պատրիարքական Սուրբ Աթոռի միաբաններէն՝ Տ.Թաթուլ ծ.վրդ. Անուշեան օրերս փոխադրուած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց բուժումներ ստանալու համար։
Այս մասին իմացանք Պոլսոյ մեր պաշտօնակից ՝ «Ժամանակ»էն։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Տ. Թաթուլի մասին տեղեկութիւն հաղորդած է Պատրիարքարանը, որ այս առթիւ հրապարակած է կարճ հաղորդագրութիւն մը նշելով նաեւ, որ վարդապետին բուժման համար անհրաժեշտ են արտասահմանէն ներածելուիք դեղորայք, որուն համար ալ գործի լծուած են համայնքային շրջանակներ։
Թերթը նոյն ատեն յղում կատարած է Հայր Թաթուլի դիմատետրի էջին նշելով, որ այնտեղ վարդապետը փարատած է լսելի դարձող մտահոգութիւնները, իր առողջութեան մասին յստակացնելով, որ այս բուժումը կապ ունի մօտիկ անցեալին անոր անցուցած վիրաբուժական գործողութեան հետ եւ առայժմ մտահոգիչ բարդութիւններ չկան։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Տ. Թաթուլ ծ. վրդ Անուշեան ներկայիս կը վարէ Պատրիարքարանի Դիւանապետի պաշտօն, ինչպէս նաեւ Սահակ Բ.ն Պատրիարքի ընտրութիւնէն անմիջապէս ետք կայացած կրօնական փակ ժողովին ընտրուած է Ատենապետ Կրօնական Ժողովոյ։
Առողջութիւն կը մաղթենք Հայր Թաթուլին։
















