image

Ո՞ւր կը գտնուի Լիբանանցի հայուհի՝ Մարալ Նաճարեանը. Դաւիթ Շահնազարեանի բացայայտումը (Տեսանիւթ)

Ո՞ւր կը գտնուի Լիբանանցի հայուհի՝ Մարալ Նաճարեանը. Դաւիթ Շահնազարեանի բացայայտումը (Տեսանիւթ)

Ըստ ԱԱԾ նախկին տնօրէն Դաւիթ Շահնազարեանի՝ տարբեր գնահատականներով՝  պատերազմի  ընթացքին հայկական կողմի զոհերուն  թիւը 6000-էն աւելի է: Այս մասին ան յայտնած է «168 ժամ»-ի եթերով:

Դաւիթ Շահնազարեան անդրադարձած է նաեւ լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի գերեվարութեան փաստին, քանի որ Ատրպէյճնը պաշտօնապէս ընդունած է վերջինիս գերի ըլլալու փաստը, ուստի բացառութիւն ըրած է. ուրիշ որեւէ գերիի մասին այս պահուն դեռ ոչինչ հրապարակած է:

«Իրենց ընտանիքի բարեկամ Վիգէն Իւլճեքեանի հետ անոնք առեւանգուած են 10 նոյեմբերին: Պաքուէն մօտ 70 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Գուբիստանի բանտը: Շատ մեծ բանտ է՝ մի քանի մասնաճիւղերով: Մարալ Նաճարեանը կը գտնուի Գուբիստանի բանտի 3-րդ մասնաշէնքի, 2-րդ յարկի 213 խուցին մէջ: Այս թիւերը, որ ըսի, իշխանութիւնները չունին, թող օգտագործեն»,- ըսած է Դաւիթ Շահնազարեանը՝ պնդելով, որ կը պահանջէ իշխանութիւններէն հրապարակել անյայտ կորսուածներու եւ գերիներու միասնական ցուցակը: