image

Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան զոհ՝  «Քորոնա»ի

Տասն օր վարակին դէմ անդուլ պայքարէն մղելէ ետք այսօր իր աչքերը յաւերժին փակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանաւոր միաբաններէն՝ Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան  (ծնեալ 1968-ին Պէյրութ)։

  «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Պէյրութէն։

Վերջին ժամանակներուն Սրբազան հայրը ստանձնած էր Պիքֆայաի Զարեհեան դպրեվանքի տեսուչի պաշտօն։

Վարած է  տարբեր  պաշտօններ  եւ   ժամանակով մը  եղած է  Գանատայի Կիլիկեան Թեմի Առաջնորդ։

Երաժշտական բարձր ուսում ստանձնած Տ. Մեղրիկ Սրբազանը  տարբեր առիթներով եւ մեծ յաջողութեամբ դրսեւորած է իր սէրն ու հմտութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ  շարականագիտութեան եւ երաժշտական ոլորտներուն մէջ։

Եղած է ուսուցիչ, խմբավար եւ ձեռնահասօրէն կարողացած է դառնալ իր շրջապատին մէջ սիրուած եւ յարգուած միաբան։

Նշենք, որ այսօր ի լոյս հանգչած Տ. Մեղրիկ Սրբազանին վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին վաղը ՝ յունուար 17-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

 

Մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներու դասուն մէջ միշտ ալ պիտի յիշուի Սրբազան հօր անունը, որպէս խոնարհ, սիրուած, ծառայասէր եւ քրիստոսաւանդ եկեղեցական մը։

Խունկ եւ աղօթք անոր յիշատակին։