image

90 օր ողջ մնացած զինուորը զոհուած է Հատրութի Տող գիւղ. Պռոշեան կը սգայ 18–ամեայ Ալպերթի մահը

90 օր ողջ մնացած զինուորը զոհուած է Հատրութի Տող գիւղ. Պռոշեան կը սգայ 18–ամեայ Ալպերթի մահը

Օրեր առաջ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ հայկական կողմին փոխանցուած են 27 դեկտեմբերին Հատրութի շրջանի Տող գիւղը սպաննուած 6 հայ զինուորներու դիերը։ Զոհուած զինուորներուն մէջն էր՝ Պռոշեան գիւղի բնակիչ, 18–ամեայ շարքային՝ Ալպերթ Ստեփանեան։ Վերջինս կը ծառայէր Ջրականի (Ջէպրայիլի) զօրամաս եւ նահանջի ժամանակ զինակիցներուն հետ պատսպարուած էր Հատրութ։

Ալպերթի հարազատները յայտնեցին, որ զինուորին հայրը՝ Գագիկ Ստեփանեան, նոյնպէս մասնակցած է պատերազմական գործողութիւններուն, իսկ 9 նոյեմբերի համաձայնագրի կնքումէն յետոյ Արցախի մէջ անհետ կորած զինծառայողներու ծնողներուն հետ փնտռած է իր որդին։

Ալպերթ վերջին անգամ ընտանիքին հետ կապ հաստատած է հոկտեմբերին եւ յայտնած, որ Հատրութ է։ Շուրջ մէկուկէս ամիս Ալպերթի հայրը փրկարարներու եւ անհետ կորածներու ծնողներուն հետ որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած է թշնամիի վերահսկողութեան տակ անցած այն տարածքներուն մէջ, որոնց վերաբերեալ ռուս խաղաղապահներու եւ ատրպէյճանական կողմի միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է ։ Յատկանշական է, որ 27 դեկտեմբերի միջադէպէն յետոյ ատրպէյճանական կողմը թոյլ չէ տուած, որ Արցախի արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը որոնողական ու փրկարարական աշխատանքներ կատարէ Հատրութի շարք մը գիւղերու մէջ, անոնց կարգին՝ Տող գիւղ։

Ըստ հարազատներուն՝ թշնամին 90 օր ողջ մնացած տղաները գերեվարած է, կտտանքներու ենթարկած, ապա սպաննած։

Ի դէպ, 29 դեկտեմբերին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեսանիւթեր տարածած էին 6 հայ զինծառայողներու դաժան սպաննութեան մասին։

Այդ Տեսանիւթերու համաձայն` նկարահանումը կատարուած է 27 դեկտեմբերին, ուր ատրպէյճանցի զինուորական մը ըսած է, թէ նոյն օրը ներթափանցողներու կողմէ սպաննուած Էլմիր Համպարովի վրէժը լուծուած է։ 30 դեկտեմբերին, Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը, անդրադառնալով հրապարակուած նկարներուն, յայտարարեց, որ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները նպատակ ունին կոծկել հերթական պատերազմական յանցագործութիւնը, եւ այդ նպատակով եղած է որոնողական խումբերու յիշեալ տարածքներ մուտք գործելու թոյլտուութենէն հրաժարիլը:

Ալպերթ Ստեփանեան ընտանիքի միակ արու զաւակն էր, բանակ զորակոչուած էր դպրոց աւարտելէն ետք։ Ան երկու ամսուայ ծառայող էր, երբ սկսաւ պատերազմը։ Ալպերթի հոգեհանգիստը տեղի կ'ունենայ 6 յունուարին Պռոշեան գիւղ։ Աղբիւրը կը յիշէ, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին նահատակուած տղաներէն 20–ը Պռոշեան գիւղէն են։

 

Նիւթը՝ News.am-էն