image

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասին տարաբնոյթ լուրեր. «Քորոնա՞» թէ դէպի Լիբանան այց

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասին տարաբնոյթ լուրեր. «Քորոնա՞» թէ  դէպի Լիբանան այց

 Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ մեծ թիւով հայաստանեան լրասփիւռներ տեղեկութիւն տարածած են այն մասին, որ նախագահ Սարգսեան տօնական օրերու առթիւ արձակուրդային այցով մը կը գտնուի Լիբանան։

 Այդ լուրի տարածումէն ետք նախագահականը լուր մը կը տարածէր, որուն հիմամբ Սարգսեան, որ տօնական օրերուն կը գտնուէր Լոնտոն վարակուած է «Քորոնա» վարակով եւ ըստ այդմ իր աշխատանքները կը կատարէ հեռավար կապով։Յիշեցնենք, որ Սարգսեանի Լիբանան գտնուելու մասին լուրերուն մէջ նաեւ տեղեկութիւն կայ, որ ան Պէյրութ մեկնած է բրիտանահայ ճանչցուած գործարար Վաչէ Մանուկեանի սեփական օդանաւով իր հետ ունենալով անգլիացի երգիչ Էլթըն Ճոնը։

 Կը նշուի նաեւ, որ Սարգսեան իջեւանած է Ֆաքրա գիւղական շրջանին մէջ, որ յայտնի է իր զբօսաշրջային յարմարութիւններով։