image

Հաւատքով, յոյսով եւ պայքարի նոր աւիշով.ՌԱԿ Կ.Վ.ի Ատենապետ՝ Մայք Խարապեան

Հաւատքով, յոյսով եւ պայքարի նոր աւիշով.ՌԱԿ Կ.Վ.ի Ատենապետ՝ Մայք Խարապեան

Օրերս  Ռամկավար Ազատական  Կուսակցութեան  Կեդրոնական Վարչութեան  Ատենապետ՝ Տիար  Մայք  Խարապեան  հրապարակած է  ամանորեայ  ուղերձ մը, որն  ամբողջութեամբ  կը ներկայացնենք ստորեւ.

 

Կը փակենք տարբեր առումներով ծանր տարի մը: Հայութիւնը ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ սփիւռքի մէջ բազում տագնապալի օրեր ապրեցաւ անցնող տարուան ընթացքին, եւ հայ ազգը հարուածող պատուհասներու գագաթնակէտը եղաւ 27 Սեպտեմբերին բռնկած Արցախեան պատերազմը եւ անոր ողբերգական ու  ցաւալի, կորուստներով լեցուն հանգուցալուծումը:

 

Ինչքան ալ դժուար է գիտակցիլ, որ մենք մեր պատմութեան ամենածանր շրջաններէն մէկը կ'ապրինք, սակայն այսօրուայ կենսական հրամայականն է չընկրկիլ, այլ՝ գօտեպնդուիլ կամքով եւ վճռականութեամբ, թօթափելու բացասական լիցքերը, ամրապնդուելու յոյսով եւ այս ծանր կացութենէն հնարաւորինս նուազ վնասով եւ արագ դուրս գալու ուղիներ որոնելով:

 

Այս դժուարին վիճակէն դուրս գալու համար հայութիւնը  պէտք է հաշուի առնէ մի  քանի հիմնարար կէտեր, որոնցմէ ամենաէականներն  են.-

 

-Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ամրապնդումը։

 

-Հայկական բանակի վերականգնումն ու վերազինումը:

 

-Պատերազմին եւ «Քովիտ» համաճարակին հետեւանքով տատանումներ ապրած  տնտեսութեան  ամրացումը։

 

-Արհեստագիտութեան ոլորտին յաւելեալ ուշադրութիւն ցուցաբերլն ու այդ ոլորտի  ձեռքբերումներով բանակի անվտանգութեան համակարգի թարմացումն ու հզօրացումը։

 

-Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի համար ամենաէական արժէք համարուող  ժողովրդավարական հիմքերու ամրացումը, որուն շնորհիւ ալ կարելի պիտի ըլլայ  հասնիլ քաղաքական կայուն եւ երկրի մեծամասնութեան կողմէ ընդունելի համարուող   իշխանութեան ամրագրումին։

 

Դարաւոր ժողովուրդ ենք, մեր ազգի պատմութիւնը, անցած ճանապարհը, ձեռքբերումներն ու  կրած  տառապանքները մեզի համար դարձած են խթանիչ ուժ։

 

Կարողացած ենք  ցաւէն  յառնել,  մահուան տափաստաններէն ոտքի կանգնիլ ու   շարունակել  յաւիտենութեան  հաւատացող մեր նախահայրերու գծած ուղիով։

 

Այսօր ալ նոյնն է հրամայականը ու աւելի քան յստակ է, որ այսօրուան ցաւին, տառապանքին եւ ընկրկումին պիտի յաջորդեն մեր նոր ձեռքբերումները, որոնք նոյնպէս ալ պիտի գծեն մեր ժողովուրդի յաղթանակած կամքի նոր տարեգրութիւնը։

 

Անշուշտ  այս բոլորին մէջ  հիմնարար դերն ու տեղը պիտի լրացնէ մեր միասնութեան  սկզբունքը, առանց որուն ալ այսօրուան վիշտն ու  կորուստները շարունակ պիտի հալածեն մեզ։

 

Հաւատքի, յոյսի  եւ  պայքարի  նոր աւիշով, որպէս ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ, թոյլ  տուէք մեր վիշտի հորձանուտէն դուրս գալով, յուսալ, որ եկող տարին կը համախմբէ ամբողջ հայութիւնը արդար եւ ապահով ապագայի կերտման նուիրական գործին շուրջ, յանուն  մեր ազգի  յաւիտենութեան գաղափարին, մաղթելով բոլորիդ խաղաղ եւ առողջ Նոր Տարի:

 

Այս առթիւ կ'ուզեմ նաեւ իմ խոնարհումս յայտնել մեր նահատակներուն, որոնք հերոսաբար զոհուեցան յանուն հայրենիքի եւ ազգի գոյատեւման, վշատակցիլ անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, մաղթելով խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն:

 

Ձերդ՝

 

Մայք  Խարապեան

 

Ատենապետ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան