
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանը վերածուած է ռազմավարական առումով տարածաշրջանի կարեւոր պահապանի, այն պարագային, երբ ԱՄՆ-ն անգործունեայ եղած է, կը հաղորդէ National Review-ն:
Յօդուածագիրի խօսքով՝ նոյեմբերին Ռուսաստանը ստացած է այլ երկրի մէկ մասը:
Կցման նախորդած են Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մարտական գործողութիւնները: Լեռնային տարածաշրջանը միջազգայնօրէն ճանչցուած է որպէս Ատրպէյճանի մաս, սակայն 1994 թուականէն երկու երկիրներու միջեւ հրադադարէն ետք կը վերահսկուի հայերու կողմէ: Սեպտեմբերին հակամարտութիւնը կրկին սրած է: Երկու ամիս անց խաղաղ համաձայնագիր կնքուած է, որու հետեւանքով յաղթած է Ռուսաստանը. այն միջնորդ հանդիսացած է հրադադարի կնքման համար, որու հետեւանքով Քրեմլի խաղաղապահ ուժերը յայտնուած են տարածաշրջանին մէջ, իսկ մինչ այդ Ամերիկա ծուլօրէն կը հետեւէր տեղի ունեցածին:
Իրականութեան մէջ, եթէ Ամերիկան պատրաստ չէ մասնակցելու խաղաղ գործընթացին, ապա Լեռնային Ղարաբաղը այժմ անորոշ ժամկէտով կը պատկանի Ռուսաստանին։
Անոր խօսքով՝ այժմ, երբ ռուս զինուորականները զօրքեր կը մտցնեն, Մոսկուայի ազդեցութեան լծակները կը վերածուին նաեւ տնտեսական լծակի. Հայաստանի միջով դէպի ատրպէյճանական անգլաւ (միջերկիր)՝ Նախիջեւան փոխադրային միջանցքի ապահովման ճանապարհով Ռուսաստանն այժմ կը վերահսկէ Ատրպէյճանի երկար սպասուած ցամաքային ուղին Կասպից ծովէն դէպի Միջերկրական ծով եւ Եւրոպա:






















