image
Հրատապ լուրեր:

Ղարաբաղեան պատերազմի դասերը. Կարո՞ղ են արդեօք ռուսական հակօդային համակարգերը լուծել թրքական «Պայրաքտարներ»ու հարցը

Ղարաբաղեան պատերազմի դասերը. Կարո՞ղ են արդեօք ռուսական հակօդային համակարգերը լուծել   թրքական «Պայրաքտարներ»ու հարցը

Այս շաբաթ քանի մը լրատուական կայքեր յայտնած են, որ Ռուսական Դաշնութեան ԶՈՒ զօրքերու ՀՕՊ ռազմական ակադեմիայի մասնագէտները կատարած են Լեռնային Ղարաբաղի հայկական հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու մեծածաւալ կորուստներու եւ թրքական հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու փաստացի լիակատար գերիշխման մանրակրկիտ վերլուծութիւն, կը գրէ Gazeta .Ru-ի ռազմական մեկնաբան Միխայիլ Խոտարյոնոքը:

Հրապարակումներուն մէջ նշուած է, «որ ամէն ինչի մեղաւորը թրքական տրոններու ԱՑՄ-ի (արդիւնաւէտ ցրման մակերես) չափէն աւելի փոքր ցուցանիշն է, ինչ որ  թոյլ չէ տուած, որ ԱԹՍ-ները ժամանակին յայտնաբերուին՝ վերջիններուն հնարաւորութիւն տալով յաջողութեամբ կրակ արձակելու», եւ իբր թէ ռուսական ՀՕՊ համակարգերու հրաձգարանային փորձարկումներու ժամանակ, ցուցադրուած է անոնց ցած արդիւնաւէտութիւնը:

 Gazeta Ru-ի աղբիւրները, սակայն, յայտարարած են, որ Խորհրդային Միութեան մարշալ Ա.Մ. Վասիլեւսկիի անուան զօրքերու հակաօդային պաշտպանութեան ռազմական ակադեմիան այս տեղեկութիւններուն հետ որեւէ մէկ կապ չունի, եւ որեւէ «հրաձգարանային փորձարկումներ» եղած չեն, որոնցմով յայտնաբերուած է ռուսական ՀՕՊ միջոցներու «ցած արդիւնաւէտութիւնը»:

Սակայն այս պատմութիւնը զարգացած է, եւ ռուսական քանի մը լրատուամիջոցներ յօդուածներ հրապարակած են, որ «Ռուսաստանի մէջ բացատրած են ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ ՀՕՊ ժամանակակից միջոցներու անարդիւնաւէտութիւնը» վերնագիրներով:

Gazeta.Ru-ի աղբիւրները նշած են, որ այս տեղեկութիւնները կ'արտացոլեն ռուսական սպառազինութիւնը վարկաբեկելու օտար պետութիւններու ջանքերը: Իսկ Հայրենական լրատուամիջոցները, որոնք այս տեղեկութիւնները տարածած էին, կարող էին գոնէ ուշադրութիւն դարձնել աննշան որոշ մանրուքներու:

Օրինակ թրքական տրոններու Bayraktar TB2 ԱԹՍ-ի միայն թեւերու բացուածքը 12 մեթր է, իսկ սարքի երկարութիւնը 6,5 մեթր: Գործնականօրէն որեւէ ռատիոտեղորոշման կայանի համար անիկա նկատելի թիրախ է:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հայկական կողմի պարտութեան մասին, պէտք է յիշել, որ Երեւանի մէջ որոշ քաղաքական գործիչներ պարբերաբար առաջ կը տանին ռուսական զէնքի եւ յատկապէս ՀՕՊ միջոցներու հասցէին տարբեր տեսակի մեղադրանքներ:

Սակայն Gazeta.Ru-ի աղբիւրներու տուեալներու համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ, սպառազինութեան նոր նմոյշները կը տապալէ «Պայրաքտարները»:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական կողմի անյաջողութիւններու եւ պարտութեան պատճառները ոչ թէ ռուսական սպառազինութիւններու որակն է, այլ ոչ բաւարար պատրաստուածութիւնը, սկսեալ ռազմական սարքաւորումներէն մինչեւ շարք մը մասնագէտներու վարժուածութեան մակարդակը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար՝ Սամուէլ Բաբայեանի խօսքով՝ հայ քաղաքական գործիչներն ու զինուորականները չեն պատրաստուած հակառակորդին հետ մաշտապային զինուած հակամարտութեան: «Սպայական կազմի աւելի քան 70 տոկոսն իրենց տեղում չէ: Եղել են նաեւ փախուստի դէպքեր: Դա խօսում է վերջին 10 տարում անձնակազմի քաղաքականութեան մասին:

Բոլոր նրանք, ովքեր վերջին 10 տարում եղել են շտապների պետեր, նախարարներ, գլխաւոր հրամանատարներ, պատասխանատու են: Պէտք է պետական դաւաճանութեան մասին գործ բացել եւ հետաքննել: Պատերազմը պարտուել են ոչ թէ զինուորները, ոչ թէ ժողովուրդը, այլ ղեկավարութիւնը»,- ըսած է Բաբայեան:

Ըստ Բաբայեանի՝ պատերազմի առաջին օրը՝ Սեպտեմբեր 27-ին, Ղարաբաղի մէջ հայերը ատրպէյճանական հարուածներէն 15 րոպէի մէջ  կորսնցուցած են ՀՕՊ համալիրներու մինչեւ 50 տոկոսը ու հրետանային նիւթական մասի մինչեւ 40 տոկոսը:

Ըստ երեւոյթին, սպառազինութեան եւ ռազմամեքենաներու ռազմավարական բնութագրերը ամենեւին գլխաւոր դեր չեն ունեցած այդ զինուած հակամարտութեան մէջ: