image

Սեպուհ Շըխրտմեան. Մուսալերցին, որ հաւատքով եկած է Կապան

Սեպուհ Շըխրտմեան. Մուսալերցին, որ հաւատքով եկած է Կապան

«Ալիք-մէտիա»էն կը կարդանք՝

Մօտ ութ տարի առաջ Կապան հաստատուած լիբանանահայը, ներկայացնելով քաղաքի այսօրուան տրամադրութիւնները, կ'ըսէ, որ մարդիկ խաբուածութեան զգացում ունին. սահմանագիծը մօտեցած է իրենց տուներուն, բայց անվտանգութեան ոչ մէկ միջոցառում ձեռնարկուած է:

Ըստ անոր՝ սահմանին շատ մօտ յայտնուած Կապանի օդակայանի յարակից տարածքի քանի մը բնակիչներ տեղափոխուած են այլ վայրեր, անոնցմէ ոմանք քանդած են իրենց տուները։ Սեպուհ Շխրտմեանը կը կարծէ, որ մարդոց վախերը չի փարատեր նաեւ Սիւնիքի վտանգաւոր հատուածներուն մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը:

«Ես չեմ գիտեր խաղաղապահները ինչքանո՞վ վստահելի են, եւ յետոյ անոնք բոլոր տեղերը պիտի չկանգնին, իսկ բնակավայրեր կան՝ ամբողջութեամբ կից են ատրպէյճանական սահմանին: Կապանի տարածաշրջանին մէջ շատ գիւղեր կան, որ այս պատերազմէն ետք աւելի վտանգաւոր դիրքի մէջ յայտնուած են, քան՝ Արցախի ամենասահմանամերձ գիւղը կամ քաղաքը»,-«Ալիք մետիա»-ին ըսած է Սեպուհ Շխրտմեանը:

Ան պատերազմի առաջին օրէն «Արամ Մանուկեան» կամաւորական ջոկատի կազմին մէջ եղած է։ Քանի մը օր առաջ զիջած են իրենց պահած դիրքերը, ինչը, ըստ մեր զրուցակիցին՝ ցասումով ընդունած են ջոկատի անդամները: Բայց ան նաեւ կը գտնէ, որ այսօր զինուորական լուրջ պատրաստուածութիւն անհրաժեշտ է՝ ատրպէյճանական կանոնաւոր զօրքին դիմագրաւելու համար:

«Իշխանութիւնները հողերը յանձնեցին՝ առանց դիմացը անվտանգութիւն ապահովելու: Անոնք մտածեցին, որ մարդ արարածը համակերպելու բնազդ ունի, վատթարին նոյնիսկ կրնայ յարմարիլ, այդ բնազդին վստահելով ըրին այս քայլերը: Օգտագործեցին մարդոց թուլութիւնը: Իսկ Նիկոլ Փաշինեանն ալ, կարծես դեռ ծրագրեր ունի իրագործելու, որմէ ետք նոր կը խօսի հեռանալու մասին»:

Ինչ կը վերաբերի որոշ բնակիչներու՝ Կապանը լքելու մասին խօսակցութիւններուն, Սեպուհ Շխրտմեանը կ'ըսէ.

«Կան մարդիկ, որ, այո, կ'երթան, նոյնիսկ Հայաստանէն կ'երթան, բայց կան մարդիկ, որ մինչեւ վերջ կը մնան: Ես ծներ, մեծցեր եմ Լիբանանի, Այնճարի մէջ, իմ ընտանիքիս, շրջապատիս մէջ միայն հայկական ոգի տիրած է, հայոց պատմութեան մէջ յատկապէս Սիւնիքի եւ Արցախի պատմութիւնը ինծի ոգեշնչած է, ես տարիներ առաջ հաւատով Կապան եկած եմ: Այս հողին զիս կը կապէ նաեւ այն, որ կինս սիւնեցի է, իմ երեխայի ծննդավայրն է Սիւնիքը: Ես կը սիրեմ բնութիւնը, պարզ, աւանդական մարդոց, իմ ծննդավայրն ալ այսպիսին է: Ես ինձ ոչ մէկ օր օտար զգացած եմ այս մարդոց մէջ»:

Սեպուհը կ'ըսէ, որ հիմա ինքը Կապանի միակ սփիւռքահայ բնակիչն է։ Քաղաքի միւս հայրենադարձ բնակիչը՝ լիբանանահայ Քրիստափոր Արթինը, այս պատերազմին զոհուած է եւ յուղարկաւորուած է Եռաբլուրի մէջ: