image
Հրատապ լուրեր:

Լռութիւնը խաղաղութեան հիմք չէ. ԱՄՆ-ը պէտք է փոխէ իր մօտեցումը, խուսափելու համար նոր պատերազմէ. National Interest

Լռութիւնը  խաղաղութեան հիմք չէ. ԱՄՆ-ը պէտք է փոխէ իր մօտեցումը, խուսափելու  համար նոր պատերազմէ. National Interest

 

Լռութիւնը  խաղաղութեան հիմք չէ. ԱՄՆ-ը պէտք է փոխէ իր մօտեցումը, խուսափելու  համար նոր պատերազմէ. National Interest 

 

Զէնքերը լռեր են, ռուս խաղաղապահները կը բաժանեն հայերն ու ատրպէյճանցիները եւ կը պահպանեն հնագոյն հայկական վանքերը, որպէսզի թոյլ չտան անոնց աւերումը ատրպէյճանցի զինուորականներու եւ սուրիացի վարձկաններու կողմէ: Համատեղ ռուս-թրքական վերահսկողական կեդրոնը շուտով պիտի սկսի գործունէութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, Մինսքի խումբէն ամերիկացի եւ ֆրանսացի դիւանագէտները կը ձգտին վերադառնալ դիւանագիտական գործընթացին, որ խարխլեցաւ, երբ ատրպէյճանական ուժերը Թուրքիոյ օգնութեամբ անսպասելի յարձակում գործեցին Արցախի վրայ: Այս մասին National Interest-ի մէջ իր յօդուածին մէջ գրած է Մայքլ Ռուպինը:

«Կրնայ թուիլ, որ պատերազմը աւարտած է, սակայն արեւմտեան դիւանագէտները պէտք է զգոյշ ըլլան. Լաչինի միջանցքի շուրջ պայմանները ամբողջութեամբ սահմանուած չեն, եւ երթուղին վտանգաւոր կը մնայ խաղաղ բնակիչներու համար:

Լաչինը կրնայ խնդրայարոյց ըլլալ, սակայն այդ գլխաւոր խնդիրը չէ:

10 Նոյեմբերին արագ ստորագրուած  փաստաթուղթին մէջ կայ դրոյթ, որ կրնայ նոր պատերազմի համար սերմեր ցանել. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ'երաշխաւորէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրային հաղորդագրութեան անվտանգութիւնը՝ քաղաքացիներու, մեքենաներու եւ բեռերու անխոչընդոտ տեղափոխումը կազմակերպելու նպատակով»:

Կայ երկու խնդիր. առաջինը Ատրպէյճանի երկու հատուածները միացնելու համար բազմաթիւ «օղակներու» օգտագործումը:

Երկրորդ խնդիրը թրքական բեռնատարերու տեղափոխումն է, որոնք կ'օգտագործեն նոր երթուղի Ատրպէյճանի մէջ թրքական ազդեցութիւնը զօրացնելու համար: Սակայն եթէ, օրինակ, դիպուկահարը հարուածէ բեռնատարի թուրք վարորդին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը պիտի մեղադրէ Հայաստանը եւ պիտի պահանջէ «պուֆերային գօտի» ստեղծել:

Այն փաստը, որ Էրտողանը նախապէս վերաձեւակերպած է «պուֆերային գօտի» ստեղծելու մասին պահանջները, պիտի ստիպէ անոր անգամ մը եւս փորձել այդ ռազմավարութիւնը: Թրքական ուժերը, ինչպէս նախապէս, կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ, ուր կը տրամադրեն անձը հաստատող թրքական փաստաթուղթեր, թրքական կրթութեան պարտադրում եւ թրքական փոսթային բաժանմունքներու հիմնում:

Հայաստանի որեւէ կառավարութիւն՝ ո՛չ գործող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը, ո՛չ որեւէ ընդդիմադիր գործիչ, չի համաձայնիր թրքական վերջնագրի հետ: Որեւէ «պուֆերային գօտի» փաստացի կը կիսէ Հայաստանը:

Սակայն հայ զինուորականները չեն կրնար համեմատուիլ Թուրքիոյ հետ ո՛չ սարքաւորումներով, ո՛չ թուաքանակով: Նման սենարի պարագային միակ անկանխատեսելի երեւոյթը Ռուսաստանն է, սակայն անցած ամսուան իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Էրտողանի ինքնավստահութիւնը կը գերազանցէ անոր վախը Ռուսաստանի առջեւ:

Պարզ ըսած՝ ԱՄՆ-ն շատ յաճախ նարտի կը խաղայ, իսկ այլ երկիրներ ճատրակ կը խաղան: Ժամանակն է, որ Ուաշինկթընը, Փարիզը եւ միջազգային հանրութեան այլ մասնակիցներ քանի մը քայլ առաջ մտածեն եւ կանխատեսեն Կովկասի մէջ յաջորդ պատերազմը՝ այն կանխելու համար: Հնարաւոր է, որ ամենահեշտ լուծումը ըլլայ թրքական բեռնատարերու արգելումը: Դիւանագէտները կրնան գնահատել լռութիւնը, սակայն անոնք պէտք է զգոյշ ըլլան. անցեալի նախադրեալները եւ ընթացիկ տուեալները ցոյց կու տան, որ լռութիւնը խաղաղութեան հիմք չէ, այլ հանդարտութիւն փոթորկէ առաջ»: