image

Դաշնամուրը զէնքով փոխարինած 22-ամեայ հայ զինուոր՝ Սողոմոնին մասին. BBC-ի տեսանիւթը

Դաշնամուրը զէնքով փոխարինած  22-ամեայ հայ զինուոր՝ Սողոմոնին մասին. BBC-ի տեսանիւթը

Բրիտանական հեղինակաւոր BBC լրատուամիջոցը նիւթ պատրաստած է Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին անհետ կորած զինծառայող 22-ամեայ Սողոմոնի մասին:

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` լրատուամիջոցը նշած է, որ դաշնամուր եւ սաքսոֆոն նուագող Սողոմոնը կռիւի ընթացքին իր երաժշտական գործիքը փոխարինած է զէնքով:

«Բանակ երթալէ առաջ սաքսոֆոն նուագել սորվեցաւ, որ նուագախումբի մաս կազմէ, բայց այն վայրին մէջ, ուր ծառայութեան մեկնեցաւ, նուագախումբ չկար»,- նշած է Սողոմոնի քոյրը՝ աւելցնելով, որ եղբայրը փոքր տարիքէն կռիւ ընել չէր սիրեր:

Սողոմոնի մասին ընտանիքի անդամները տեղեկութիւն չունին 1 հոկտեմբերէն:

«Իրենց հրամանատարը ըսաւ, որ ան մահացած է, բայց միւսն ալ կ'ըսէր, որ յաջորդ օրը իրենք միասին եղած են»,- նշած է անհետ կորած զինծառայողի քոյրը:

22-ամեայ զինծառայողի հարազատները յոյսը չեն կորսնցներ, որ Սողոմոնը օր մը պիտի վերադառնայ:

«Յոյսով կը սպասեմ, որ Սողոմոնը պէտք է գայ»,- նշած է Սողոմոնի հայրը` Կամսարը:

Լրատուամիջոցը գրած է, որ բազմաթիւ ընտանիքներ կը սպասեն իրենց անյայտ կորած որդիներուն: Մինչ օրս ալ կը շարունակուի նաեւ զոհուածներու մարմիններու նոյնականացման գործընթացը: