image

Բերձորցի Լեւոն Մելիքեանը կանգնած է դառն ճակատագրի առջեւ ... (Տեսանիւթ)

Բերձորցի Լեւոն Մելիքեանը կանգնած է դառն  ճակատագրի առջեւ ... (Տեսանիւթ)

Բերձորցի Լեւոն Մելիքեանը Աշտարակի մէջ տուն  մը  ճարած  է, հիմա ալ  իրերը կը հաւաքէ, որ տեղափոխէ այնտեղ, մինչեւ տեսնէ, թէ ինչ ճակագրագրի  պիտի արժանանայ այն...

«Ամսուն 30-ը վերջին օրն է, բայց թուրքը Աստուած չունի, կրնայ աւելի շուտ ալ մտնել»,– ըսած է ան։

Իր իսկ տնկած ծառերը, որոնցմէ տասը տարիէ աւելի է՝ բերք կը հաւաքէ, ձեռքը չերթար, որ կտրէ, բայց թուրքին ալ թողել չուզեր։

Կը շրջի տան բակին, այգիին մէջ ու կը պատմէ, թէ ինչպէս ամէն ինչը ստեղծած է։ Տան սենեակներէն մէկը ծառայեցուցած է որպէս խմորեղէնի փոքրիկ արտադրամաս, հիմա սենեակը դատարկ է, բոլոր գործիքները հանած է։

«Տանիքը վերանորոգեր եմ, վարկ վերցուցեր եմ, մինչեւ հիմա չեմ ազատած այդ վարկէն»,- պատմած է ան:

Այգիի բերքը մնացած է թուփերուն վրայ, նոյնիսկ չեն հասցուցած համտեսել իրենց աճեցուցած խաղողը, լոլիկը, լոպին։

Նշենք, որ քանի մը օր է, որ բերձորցիները կը շտապեն հաւաքել իրենց իրերն ու հեռանալ այդտեղէն, որովհետեւ չեն գիտեր՝ որուն վերահսկողութեան տակ պիտի ըլլայ քաղաքը 1 դեկտեմբերէն, բնակիչներու շրջանին խօսակցութիւն կայ, որ Բերձոր քաղաքի կառավարումը պէտք է անցնի ատրպէյճանցի քաղաքային նոր ղեկավարներուն։ Պաշտօնական որեւէ յայտարութիւն Բերձոր քաղաքի ճակատագրի վերաբերեալ դեռ չէ հնչած: