image
Հրատապ լուրեր:

ՄԻԵԴ-ը Հայ գերիներու խնդրով ամբողջական թղթածրար կը պահանջէ

ՄԻԵԴ-ը Հայ գերիներու խնդրով ամբողջական թղթածրար կը պահանջէ

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը Ատրպէյճանի կառավարութենէն պահանջած է փաստաթուղթերով տեղեկութիւն հայ գերիներու գերեվարման փաստին, գտնուելու վայրին, պահման պայմաններուն եւ բժշկական սպասարկման վերաբերեալ:

Դատարանը պահանջուող տեղեկութիւնը տրամադրելու համար, համապատասխանաբար, ժամկէտ սահմանած է մինչեւ 30.11.2020 եւ 04.12.2020 թուականը:

Այս մասին դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է իրաւապաշտպան՝ Արտակ Զեյնալեան:

«Եւրոպական դատարանէն ներս հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին

27.09.2020-ի վաղ առտուընէ, Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ նախաձեռնուած լայնամաշտապ պատերազմի ընթացքին գերութեան մէջ յայտնուած զինուորական ծառայողներու եւ ձերբակալուած քաղաքացիական անձանց իրաւունքներու պաշտպանութեան գործով, Եւրոպական դատարանը 23.11.2020-ին եւ 27.11.2020-ին բաւարարած է մեր դիմումները՝ կիրառելով հրատապ միջոց»։