
2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից՝ Դերենիկ Խաչատրեան խոստացած էր, որ անհրաժեշտութեան պարագային կրկին կը մեկնի սահման: Խոստացածին պէս եկաւ, կռուեցաւ ու գնաց յաւերժութեան ճանապարհով: Սա 24-ամեայ տղուն վերջին պատերազմն էր:
«Երթալէն առաջ ըսաւ՝ ինչպէս բոլորը, այնպէս ալ ես: Ես պիտի երթամ, ու պիտի յաղթեմ: Իմ տղան գնաց այդ ճանապարհով»,– կը պատմէ Դերենիկի մայրը:
Դերենիկը ժամկէտային ծառայութենէն ու քառօրեայ պատերազմէն ետք որոշած էր, որ պիտի շարունակէ ծառայութիւնը: Միացած էր խաղաղապահ զօրքերուն, մեկնած Ռուսաստան՝ ծառայութեան, ապա՝ Գերմանիա, նաեւ Աֆղանիստան: Վերջին կայարանը հայրենիքն էր:
«Տղաս հերոս չէ ծնած, հերոս դարձած է: Ու հերոս դարձած է՝ յանուն հայրենիքի, յանուն մեզի: Հերոս ծնած էր, հերոս ալ զոհուեցաւ», - կը պատմէ Դերենիկի մայրը:
Զինուորական պայուսակին վրայ Դերենիկը անուան փոխարէն ծածկանունը գրած էր՝ «Կեաժ»: Դեռ փոքր տարիքէն ճարպիկ ու աշխոյժ տղան կ'ապրէր թիթեռի նման: Մայրը կ'ըսէ, որ թիթեռի նման ալ մէկ վայրկեանէն թռաւ իր ձեռքէն:
Պատերազմի ընթացքին ճակատ եղած են նաեւ Դերենիկի հայրն ու փոքր եղբայրը, բայց իրար չեն հանդիպած: Դերենիկ Աֆղանիստան երթալէն առաջ մօրը խոստացած էր՝ պիտի գայ ու կեանքի կոչէ ամենակարեւոր նպատակը: Դերենիկի կեանքի թելը կտրուեցաւ դէպի երազանք իր ճանապարհին: Այդտեղէն ծնողները կը փորձեն երազանքի թելը նորէն կապել:
«Մենք տուն չունինք: Կ'ըսէր, Աֆղանիստանէն գամ, տուն առնենք, որ քեզի մեր նոր տան մէջ տեսնեմ: Երազանքը այդպէս ալ անկատար մնաց: Հիմա մենք կ'ուզենք իրականացնել իր երազանքը, որ տեսնէ եւ ուրախանայ», - կը պատմէ Դերենիկի մայրը:
Դերենիկ մեծի հետ մեծ էր, փոքրին հետ՝ փոքր: Կը սիրէր կեանքն ու կ'ապրէր՝ սիրելով: Բայց կեանքէն աւելի հայրենիքն էր ու հետագայ սերունդներու խաղաղ ապագան:
Դերենիկի փոքր եղբայրը հիմա առաջնագիծ է: Պայմանագրային զինծառայող է: Մայրը կ'ըսէ, որ երկու հերոս ունի, երկուքով ալ հպարտ է: Իսկ հայրը կ'ըսէ, որ որդիները իրենք ընտրած են այդ ճանապարհը:
Դերենիկ իր ապագան նուիրեց գալիք սերունդներուն: Ոսկեհեր տղան գնաց ու իր ետեւէն ոսկեգոյն հետագիծ թողեց, որպէս յաւերժութեան խորհրդանիշ:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով




















