image

Յիշելով հերոս Մոնթէն. Այսօր Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան 63-րդ տարեդարձն է

Յիշելով հերոս Մոնթէն. Այսօր Մոնթէ Մելքոնեանի ծննդեան 63-րդ տարեդարձն է

Այսօր՝ 25 Նոյեմբերին, Արցախի հերոս, Հայաստանի Ազգային հերոս Մոնթէ Չարլզի Մելքոնեանի (Աւօ) ծննդեան տարեդարձն է: Մոնթէն կը դառնար 63 տարեկան։

Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին դարձաւ Արցախի ամենապաշտպանուած ու ամենամարտունակ շրջանը։ 1993-ի մարտ-ապրիլ ամիսներուն անոր ղեկավարութեամբ ազատագրուեցաւ նաեւ Քարվաճառը:
Այսօր սակայն, Մոնթեի ծննդեան օրը, ցաւօք, հայկական կողմի համար փակուեցան Քարվաճառի դարպասները` համաձայն 9 նոյեմբերին ստորագրուած Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմ համաձայնագրի։

 

Մոնթէ Մելքոնեան (Կեանք եւ  գործ)

Կրթութիւն

Մոնթէ ծնած է Նոյեմբեր 25-ին, ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիոյ նահանգի, Ֆրեզնօ քաղաքէն ոչ հեռու՝ Վայսէյլի աւանին մէջ։ 1972-ի ամրան տասնհինգամեայ Մոնթէ Մելքոնեան կ՛աւարտէ միջնակարգ դպրոցը։ 1973-ին՝ մինչ աւագ դպրոցի նոր ուսումնական տարուան մեկնարկը, դպրոցի տնօրէն «Տէյվիտ Գրէյմս», կ՛առաջարկէ տաղանդաւոր աշակերտին ճամբորդել Ճաբոն, սորվելու։

Արտասովոր ընդունակութիւններու տէր, 12 տարեկանէն (այդ տարիքին է, որ ան տեղեկացած է իր հայ ըլլալուն մասին) ծնողներուն հետ, 15 ամեայ տղան, ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի՝ Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի 41 քաղաքներ։ Գացած է Արեւմտեան Հայաստան՝ իր պապերուն տունը։ Ուսումնասիրած է 1915 թուականի Եղեռնիպատմութիւնը։

1975 թուականին՝ գերազանց գնահատականով, կ՛աւարտէ «Մաունթ Ուիթնի»ի միջնակարգ դպրոցը։ 20 տարեկանին կ՛ընդունուի՝ Գալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանը։ Բացարձակ ընդունակութիւններու տէր՝ ան չորս տարուան դասընթացքը կ՛աւարտէ կրկնակի տիտղոսով՝ ստանալով հնագիտութեան եւ ասիական պատմութեան մասնագետի վկայականներ։ Համալսարան ուսանած տարիներուն՝ կը հիմնէ «Հայ ուսանողական միութիւն» եւ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս՝ նուիրուած Մեծ եղեռնին։

Մոնթէ իր աւարտական թէզը կը նուիրէ՝ Վանի թագաւորութեան, ժայռափոր դամբարաններու ուսումնասիրութեան. թեզը կը պաշտպանէ 1978-ին։ կ՛արժանանայ կրթաթոշակի՝ Օքսֆորտ համալսարանի դոկտորականը պաշտպանելու համար։ Սակայն Մոնթէն Անգլիոյ փոխարէն կ՛երթայ՝ Արեւմտեան Հայաստան, Վասպուրականի ժայռափոր դամբարանները եւ կացարանները չափագրելու եւ ուսումնասիրելու համար։

 

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմ

1978 թուականի աշնան կը մեկնի դէպի Իրան, ապա Լիբանան՝ մասնակցելու Պէյրութի՝ հայ համայնքի, ինքնապաշտպանութեան մարտերուն։ 22 տարեկանին արդէն լիովին կը տիրապետէր անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, իտալերէն, թուրքերէն, պարսկերէն, ճաբոներէն եւ քրտերէն լեզուներուն։

 

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ

1980 թուականին կը միանայ «Հայաստանի Ազատագրական Հայ Գաղտնի Բանակին» (ԱՍԱԼԱ)։ 1981-ին Նոյեմբերին՝ Փարիզի մէջ կը ձերբակալուի, Հռոմի մէջ թուրք դիւանագետի սպանութիւնը նախապատրաստելու ամբաստանութեամբ, որուն հերքումէն ետք, այնուամենայնիւ, կը բանտարկուի կեղծ անձնագիր կրելու մեղադրանքով։ Մի քանի շաբաթէն ազատ կ՛արձակուի։ Երկու տարուան ընթացքին կը դառնայ ԱՍԱԼԱ-ի կարեւոր դէմքը։ Յօդուածներով հանդէս կու գայ Փարիզի «Հայ Պայքար» եւ Լոնտոնի «Կայծեր» թերթերուն, Սան Ֆրանսիսկոյի «Սարդարապատ» ամսագիրին, նաեւ անգլերէն շարք մը գիրքերուն մէջ՝ հայոց ազգային հարցերու արդարացի պահանջի եւ իրաւունքի մասին, որոնք լոյս տեսած են Լոնտոնի մէջ։

1991 թուականին, բանտէն ազատվելէ ետք, Մոնթէ կ՛անցնի Երեւան, եօթը ամիս կ՛աշխատի գիտութիւններու ակադեմիային մէջ՝ «Հայաստանը Եւ Հարեւանները» գիրքը գրելու եւ հրատարակելու նպատակով։

 

Օգոստոսին կ՛ամուսնանայ լիբանանահայ ուսանողուհի՝ Սեդայի հետ, որուն հետ ծանօթացեր էր, դեռեւս Լիբանան եղած ժամանակ։ Արցախի ազատագրման պատերազմը սկսելէ յետոյ, ձգելով գիտական գործունէութիւնը, կը մեկնի Ղարաբաղ՝ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու համար։

 

1991-ի Սեպտեմբերին կը մեկնի Արցախ, ուր ձեռք կը բերէ «Աւօ» կեղծանունը։ 1992-ին Վազգէն Սարգիսեանի առաջարկով կը ստանձնէ Մարտունի շրջանի շտապի պետի պարտականութիւնը։ Այստեղ, կարճ ժամանակուան մը մէջ, ան իր անկեղծութեամբ ու մաքրութեամբ, կը շահի բնակչութեան սէրն ու յարգանքը։ Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին կը դառնայ ամենապաշտպանուած ու ամենամարտունակ շրջանը։ 1993-ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն անոր ղեկավարութեամբ կ՛ազատագրուի նաեւ Քարվաճառը։ 1993-ի Յունիսի 12-ին հետախուզութեան նպատակաւ՝ Մոնթէն մարտընկերներու հետ կը մեկնի Աղտամի շրջանի Մարզիլի գիւղի մատոյցներ, ուր ատրպէյճանական զրահամեքենայի կրակոցէն կը զոհուի։

 

Մոնթէի մասին  վաւերագրական  նիւթեր

Մոնթէի յիշատակին գրուած եւ կատարուած են բազմաթիւ երգեր, նկարահանուած են բազմաթիւ վաւերագրական ֆիլմեր, ինչպիսին են՝ չորս մասէ բաղկացած Գաղափարի Զինուորը Գոյամարտ ստուդիա, Սա մեր վերջին պայքարը չի, 00-ն կապի մէջ է, Մոնթէ Մելքոնեանի վերջին ռատիոկապի ձայնագրութիւն, Սուր անկիւն հաղորդաշարի «Մեր ժամանակի հերոսը» բաժինին մէջ Մոնթէ Մելքոնեանի մասին տեսանիւթ Գէորգ Էմին-Տէրեան եւ այլ ֆիլմեր։

Անոր անունով կը կոչուի ՀՀ զինուած ուժերու ռազմական ուսումնարաններէն մէկը, փողոցներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

 

 Քաղուած՝   հայկական  «Ուիքիբէտիա»էն