image
Հրատապ լուրեր:

«Թուրքիա, պիտի յաջողի՞ Ռուսաստանը ներքաշել Կովկասի պատերազմին մէջ».Լիբանանցի լրագրողի հարցադրումը

«Թուրքիա, պիտի յաջողի՞ Ռուսաստանը ներքաշել Կովկասի պատերազմին մէջ».Լիբանանցի լրագրողի հարցադրումը

Լիբանանցի լրագրող Ֆատի Պուտիյէ «Ալ Ախպար» թերթի իր սիւնակով կը գրէ ՝

 

Բոլորին համար այլեւս յստակ է Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան արմատները, որ կը տարածուի նաեւ միջազգային կողմերու «ետեւի այգիներ»ուն վրայ, որոնք այսպէս կամ այնպէս սատար կը հանդիսանան հակամարտութեան կողմերէն մէկուն, մանաւանդ Թուրքիան՝ Ատրպէյճանին անմիջական ու ամէնէն մեծ աջակիցը, իսկ միւս կողմը՝ Ռուսաստանը, Հայաստանի լուռ աջակիցը:

Հակառակ 1994 թուականի երկու կողմերուն միջեւ սառեցուած պատերազմին, այս հակամարտութիւնը իսկական պատերազմի վերածուեցաւ, որու ընթացքին բոլոր տեսակի ծանր զէնքեր կ'օգտագործուին՝ Թուրքիոյ Ատրպէյճանին բացարձակ աջակցութեամբ:

Համաձայն առկայ տեղեկութիւններուն, Հայաստանը երկարատեւ պատերազմի կը պատրաստուի, որ կրնայ երկու հակամարտող կողմերուն սահմաններով չաւարտիլ, այլ՝ երկարիլ դէպի Հարաւային Կովկասի այլ երկիրներ տարածուիլ, ինչպիսիք են Վրաստանը, եւ Հարաւայի Օսեդիան։

Դեռ եւս Ռուսիան ճկուն դիւանագիտութիւն որդեգրած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, եւ կոչ կ'ընէ զինադադարի ու երկխօսութեան, չնայած որ ան շատ լաւ գիտէ Թուրքիոյ ծրագիրի մասին եւ անոր տնտեսական յաւակնութիւնները կազի ու նաֆթի վերաբերեալ, այսպէս կոչուած «նաւթային տնտեսական փոխանակման» հասնելու համար: Տակաւին, Նախագահ Փութինի համար գաղտնիք չէ ԱՄՆ.ի աջակցութիւնը Թուրքիոյ, ինչպէս նաաեւ Անգարայի բացայայտ զօրակցութիւնը եւ ահաբեկիչ վարձկաններու ռազմի դաշտ տեղափոխելու երեւոյթը, վերապրեցնելով Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Էնվեր Փաշային օրով «Իսլամական կովկասեան բանակ»ը: Անհրաժեշտ է նշել նաեւ, Ատրպէյճանի մէջ իսրայէլեան «Մոսատ»ի աշխոյժ ներկայութիւնը։

Ինչ կը վերաբերի Պարսկաստանին, ապա իրավիճակը շատ աւելի դժուար է, նկատի ունենալով Պարսկաստանի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու ներկայութիւնը, ցեղային եւ համայնքային առումներով: Սակայն Պարսկաստանը անուղղակիօրէն Հայաստանի աւելի հակուած է, քան Ատրպէյճանին, որ մեծ թիւով ահաբեկիչներ զետեղած է սահմանին վրայ, որուն երկարութիւնը 756 քմ է, բան մը, որ ծայրայեղ վտանգաւոր սպառնալիք է Պարսկաստանին համար: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ Հարաւային Կովկասը նաֆթի ու կազի փոխադրութեան շրջան է, որ Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի նաւթային առետուրի գործունէութեան վրայ եւս կրնայ ազդել:

Այսօր հարցումը այն է, թէ Հարաւային Կովկասի երկիրները պիտի միջամտե՞ն այս հակամարտութեան: Հայաստանը յետ Խորհրդային Միութեան ստեղծուած ՀԱՊԿ-ին պիտի դիմէ՞ օգնութեան խնդրանքով:

Տպաւորութիւն է, թէ կը բախուինք պատերազմի մը, որ երկրէ երկիր կը տարածուի, ուր միջազգային դասաւորութիւններ կան՝ շահերու հակասութիւններով լեցուն, այն ժամանակ, երբ արաբական երկիրները հերթով Իսրայէլի գիրկը կը նետուին, մինչ Թուրքիան կը շարունակէ իր նկրտումները աճեցնել Սուրիոյ, Իրաքի, Ատրպէյճանի եւ նոյնիսկ Լիբանանի մէջ: Միւս կողմէ Ռուսաստանը կը զսպէ իր զայրոյթը, երբ ականատես կը դառնայ, որ Ամերիկայի ջանքերով խառնաշփոթ կը տիրէ Սովետական տան մէջ (Ուքրանիա, Պելառուսիս, Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան):

Արդարեւ, պիտի յաջողի՞ն Ռուսաստանը ներքաշել ռազմական ճակատ բանալու՝ պահպանելու համար նախկին Խորհրդային Միութեան «մեծութիւն»ը ու իրենց ժողովուրդի եւ հողերուն միասնութիւնը, թէ՞ Թուրքիան պիտի յաջողի իր օսմանեան նախագիծը յաջողցնել եւ զօրաւոր կերպով բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստիլ:

Եւ արդեօ՞ք Թուրքիան պիտի փորձէ ուժ կիրառելու քաղաքականութեամբ ճնշել Ռուսաստանի վրայ՝ Իտլիպի հակամարտութենէն մինչեւ Հայաստան:

 

https://www.al-akhbar.com/Opinion/294812/%D8%A7%D9%84%D8%B5%D8%B1%D8%A7%D8%B9-%D9%81%D9%8A-%D9%83%D8%A7%D8%B1%D8%A7%D8%A8%D8%A7%D8%AE-%D8%A3%D8%B1%D9%85%D9%8A%D9%86%D9%8A%D8%A7-%D8%A8%D8%AD%D9%85%D8%A7%D9%8A%D8%A9-%D8%B1%D9%88%D8%B3%D9%8A%D8%A9