image
Հրատապ լուրեր:

Թուրք-ատրպէյճանեան յայտնի ձեռագիր. Ատրպէյճանցի զինուորներ անզէն քաղաքայիններ գնակահարելու տեսանիւթ տարածած են

Թուրք-ատրպէյճանեան յայտնի ձեռագիր.  Ատրպէյճանցի զինուորներ  անզէն քաղաքայիններ գնակահարելու տեսանիւթ տարածած են

 Բարբարոսական միտումներով գործող Ատրպէյճանի բանակի զինուորներ տեսանիւթ տարածած են այն մասին, թէ ինչպէս կը գնդակահարեն Արցախի բնակիչ երկու անզէն հայորդիներու։

 Տեսանիւթը տարածուած է մեծ տարողութեամբ եւ հասած է գրեթէ ամենուրէք...

 

 Տեսանիւթին մասին յաւելեալ ոչ մէկ մանրամասնութիւն կայ, բացի այն կարեւոր գրառումէն, որ կատարուած է ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանի կողմէ։

 Աբրահամեան իր գրառման մէջ նշած է, որ ատրպէյճանցին կ՚ոտնակոխեն մարդկային իրաւանց բոլոր տեսակի սկզբունքները եւ համաձայնութիւնները։

 

 Աբրահամեան նաեւ նկատել տուած է, որ դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ նշելով նաեւ, որ քաղաքացիներու սպանութեան դէպքը տեղի ունեցած է Արցախի Հատրութ քաղաքի Մհեր Մկրտչեան  թաղամասին մէջ։

 

 Տեսանիւթիւն մէջ պարզ կը դառնայ, որ զինուորները կրակելէ ու սպաննելէ ետք երկու քաղաքացիները ինչքան «սառնասրտութեամբ» կը շարունակեն կրակ բանալ անոնց անշնչացած դիակներուն վրայ։

 

 Տեսանիւթը եւ դէպքին վերաբերեալ  բարձրանալիք մեծ աղմուկը կը յանձնուի այս օրերուն արձակուրդի ելած «միջազգային հանրութիւն» քողին տակ պահուըտած անտարբեր աշխարհի տէրութիւններուն եւ տէրերուն...։

 

 

«Արեւելք» յարգելով լրատուական աշխատանքի պայմաններն ու սկզբունքները զերծ կը մնայ տեսանիւթը հրապարակելու «փորձութիւնէն»։