
Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան կարգ տեղի ունեցաւ օրեր առաջ Արցախի պաշտպանութեան ռազմերուն ընթացքին հերոսաբար նահատակուած՝ Գէորգ Հաճեանի եւ Քրիստ Արթինի։
Հոգեհանգստեան արարողութեան հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի պատգամ մը արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ եպս. Խաչատրեան։ Սրբազան հայրը այս առթիւ փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խորազգաց ցաւակցութիւնները, նահատակներու պարագաներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ մեծ ընտանիքին։ Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ եպս. Գալստանեան։
Միաբան հայրերը անդրադարձան նահատակ տղոց անցած ճանապարհին, շեշտը դնելով, որ անոնք իրենց սխրանքով եկան միանալու այս օրերուն Արցախի մղուող գոյապայքարին ընթացքին արիաբար դիմադրող եւ հայրենի սահմանները մինչեւ մահ պաշտպանող արի հերոսներու մեծ փաղանգին, շեշտելով նաեւ, որ Արցախի մէջ մղուող պայքարը հայ ժողովուրդի լինելութեան եւ յաղթանակի պայքարն է։
Հոգեհանգստեան կարգէն ետք ներկաները ցաւակցութիւն յայտնեցին նահատակներու ընտանեկան պարագաներուն։
Յիշեցնենք, որ զոհուած հերոսները անդամ էին ՀՅԴ երկրորդ վաշտին, եւ զոհուեցան Արցախի մէջ ռազմական կարեւոր առաջադրանք իրականացնելու ժամանակ։
Յաւերժ փա՜ռք մեր հերոսներուն։
















