image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ գաղութը կը պատրաստուի վերամուտի, սակայն մեծ դժուարութիւններ կան.Ռոզէթ Ալեմեան

Լիբանանահայ  գաղութը կը պատրաստուի վերամուտի, սակայն մեծ  դժուարութիւններ  կան.Ռոզէթ Ալեմեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ կրթական մշակ եւ հասարակական   գործիչ Տիկ. Ռոզէթ Ալէմեանը.

 

-Ի՞նչպիսի մթնոլորտի մը մէջ լիբանանահայերը կը պատրաստուին դպրոցական  վերամուտի. ի՞նչ են գլխաւոր խնդիրները։

Լիբանանահայերը բազմաբնոյթ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուին 2020-2021 կրթական տարեշրջանի վերամուտի օրերուն: Ինչպէս բոլորը գիտեն, գլխաւոր խնդիրը սկսաւ 2019-ի Հոկտեմբերին, տնտեսական եւ ընկերային տագնապով, ապա «Քորոնա» ժահրի ի յայտ գալը, իսկ վերջին ահաւոր հարուածը եղաւ 4 օգոստոսին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումով: Յաջորդական այս հարուածները, Լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ գաղութին մէջ յառաջացուցին վաղուայ նկատմամբ անորոշութիւն եւ տագնապալի վիճակ:

 

 

Վարժարանները ի՞նչ վիճակի մէջ են (յատկապէս վնասուած վարժարանները) եւ   ի՞նչ գործնական քայլեր կը կատարուին առկայ  «վէրք»ը բուժելու համար։

Հայկական վարժարանները գլխաւորաբար կը գտնուին Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի շրջաններուն մէջ, որոնք մեծապէս տուժեցին նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով: Նաեւ դպրոցներուն կից գործող եկեղեցիները: Առաջին օրերուն բոլորս շատ ծանր եւ տխուր վիճակի մատնուեցանք: Սակայն, աստիճանաբար մարդիկ սթափեցան, իսկ գաղութի հոգեւոր թէ միութենական ղեկավարներու յորդորներով, բարերարներու անսակարկ նուիրումով միասնական վերականգնումի մարմին մը ստեղծուեցաւ, օժանդակելու յատկապէս կարիքաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնց տուները քարուքանդ եղած էին, մէկ վայրկեանի ընթացքին: Ստեղծուած ողբերգական պայմաններէն դուրս բերելու համար վիրաւոր ժողովուրդը բազմազան օգնութիւններ հասան Պէյրութ: Անշուշտ այս բոլորին մէջ անտարբեր չին կրնար մնալ Հայաստանն ու Արցախը, որոնք անմիջապէս սնունդ եւ դեղորայք ուղարկեցին Պէյրութ:

 

-Կարգ մը վարժարաններ յայտարարեցին, որ յառաջիկայ կրթական տարեշրջանը ամբողջութեամբ անվճար պիտի ըլլայ. Ի՞նչպէս կը մեկնաբանէք այդ մօտեցումը եւ  գաղութին մէջ ի՞նչպէս  ընկալուեցաւ այն։

Ի հարկէ որեւէ սրտաբուխ օժանդակութեան պարագային մեծապէս շնորհակալ պէտք է ըլլալ կազմակերպող մարմիններուն նաեւ երախտապարտ բարերարներուն եւ նուիրատուներուն: Այո, կարգ մը վարժարաններ անվճար ուսումնական տարեշրջան յայտարարեցին իրենց բոլոր աշակերտներուն համար: Որքան որ ծնողներէն շատերուն համար գոհացուցիչ որոշում մըն է, սակայն լաւ պիտի ըլլար, որ մի քանի հանգամանքներ նկատի առնուէին եւ իրապաշտ մօտեցում մը որդեգրուէր, որմէ բացառապէս օգտուէին  իսկական կարիքաւորները։Դժբախտաբար հայ հաւաքականութեան պատկերը սկսած է աղաւաղուիլ, սկսած են բամբասանքներով թիրախաւորել օգնողն ու օգտուողը: Մաղթենք, որ յաջորդ տարիներուն Լիբանանի վիճակը կը բարելաւուի եւ մեր կարիքաւորներու թիւը կը նուազի:

 

-Վերջին տարիներուն լիբանանահայ համայնքի  ղեկավարութիւնը կարեւոր ճիգեր  կը գործադրէր, որպէսզի հայ աշակերտը չզրկուի հայկական դպրոցէն ու հայեցի  դաստիարակութենէն, արդեօք ազդո՞ւ էին այդ միջոցները եւ այսօր ինչ միջոցներ պէտք է գործի դրուին, որպէսզի հայ պատանին չհեռանայ  հայկական  վարժարանէն։

Հայկական վարժարաններու տնօրէններ, կրթական պատասխանատուներ ամէն ճիգ կը թափեն, որ հայ աշակերտը  շարունակէ մնալ հայ վարժարանին մէջ, ստանալու համար հայեցի կրթութիւն եւ գիտելիք: Դպրոցական միջավայրի բարելաւում, որակեալ եւ փորձառու ուսուցիչներ, պետական քննութիւններու մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւններ գրաւականն են դպրոցի մը զարգացման եւ բնական աճման:

 

Սակայն 2020 տարին շատ տարբեր եղաւ բոլորին համար: Յատկապէս կրթական կեանքին մէջ մեծ զիջումներ եղան: Առաջին անգամ ըլլալով առանց պետական քննութիւններ յանձնելու՝ աշակերտները յաջողեցան, միւսները դասարան փոխեցին: Հազիւ 100 օր ֆիզիքապէս դպրոց երթալու առիթ ունեցան աշակերտները: Մնացած օրերուն առցանց ոչ լրիւ կազմակերպուած աշխատանք տարուեցաւ: Հիմա ալ անվճար ուսում: Եզրակացութիւնը ընթերցողին կը ձգեմ:

 

 

Մինչեւ հիմա ցուցաբերուած օժանդակութիւնները պիտի կարողանա՞ն  ոտքի պահել  հայ դպրոցը. ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։

Տարբեր աղբիւրներէ մեծ տարողութեանբ օժանդակութիւն հասաւ ժողովուրդին, ծանր օրերու բեռը թեթեւցնելու համար: Տակաւին մեծ թիւով վնասուած դպրոցներ կարելիութիւնը չունին լրիւ վերանորոգումներ կատարելու: Այդ բոլորը վերաշինելու համար ժամանակի եւ մեծ գումարներու կարիքը կայ: Լիբանանահայը միշտ օգնութեան ձեռք երկարած է իր հեռաւոր ազգակիցին, հիմա ալ ժամանակն է, որ   այլ  գաղութներ   հասնին   լիբանանահայութեան  ծով  կարիքներուն։

 

-Հայ   դպրոցը  արդիականացնելու ճիգերը ի՞նչ  փուլի մէջ են այս օրերուն, հաշուի առնելով Լիբանանի տագնապալի վիճակը, «Քովիտ»ի համաճարակը եւ առկայ  անորոշութիւնը։

Հայ դպրոցը ներկայ պայմաններուն մէջ հազիւ թէ կարենայ իր գոյութիւնը պահել: Արդիականացնելու համար անհրաժեշտ են հետեւեալ ազդակները.- յաւելեալ ճիգ, մարդուժ եւ մասնագիտական մօտեցում:

 

Լիբանանի մէջ պատահած իրերայաջորդ դէպքերը, յատկապէս երիտասարդական տարրի արտագաղթը տեղքայլի կ'առաջնորդեն գաղութը եւ հայ դպրոցը:

 

Թէեւ անցնող ամիսներուն բոլոր հայկական վարժարաններու ուսուցիչները առցանց դասաւանդման վարժանիստերու մասնակցեցան, սակայն հոս ալ մեծ դժուարութիւններ կան, զորս պէտք է յաղթահարել հայ աշակերտին լիիրաւ ուսում ջամբելու համար: