image

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ.«Մեծ փափաքս է, որ «Կիլիկիա» երգը անգամ մը եւս Պէյրութի բեմերէն երգեմ»

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ.«Մեծ փափաքս է, որ «Կիլիկիա» երգը անգամ մը եւս Պէյրութի բեմերէն երգեմ»

Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, օրեր առաջ տեղի ունեցաւ առցանց համերգ մը, որուն նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած լիբանանահայ համայնքին: Համերգը սփռուեցաւ առցանց առիթ տալով մեր հայրենակիցներուն, որ իրենց սրտափուխ նուիրատւութիւններով մասնակցին սոյն նախաձեռնութեան։

Նշենք, որ ինչպէս «Համազգային»ի պատասխանատուները նշած են, սոյն համերգի գաղափարն ու մտայղացումը կը պատկանի պոլսահայ երգչուհի ՝ Սիպիլին, իսկ առցանց համերգին հաղորդավարի դերով հանդէս եկած է արժանթինահայ լրագրող՝ Լէօ Մոմճեան։

Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին մէկ տասնեակէ աւելի երգիչներ, գործիչներ եւ արուեստագէտներ։ Ինչպէս նշեցինք մասնակցողներուն շարքին էր պոլսահայ սիրուած երգչուհի Սիպիլը, որուն հետ ալ «Արեւելք» ունեցաւ հակիրճ զրոյց մը.

 

 

 

-Ինչպէ՞ս ծնաւ այս նախաձեռնութիւնը, որո՞ւ գաղափարն էր,  ի՞նչ էին դրդապատճառները: Նաեւ նկատելի էր, որ համերգին մասնակցողներէն շատերը Պէյրութի հետ ուղղակի կապ մը չէին ունեցած, սակայն հաւատալով որ ազգային գործ մը կ'ընեն, մասնակցած էին, ինչպիսի՞ն էր անոնց տրամադրուածութիւնը:


4 Օգոստոսին Պէյրութի մէջ պատահած աղէտը, շատ մեծ յուզում պատճառեց ինծի։ Նախ շուտով Պէյրութի բարեկամներուս հետ կապ հաստատեցի, բոլորը շատ վախցած ու շատ վատ վիճակի մէջ էին: «Կարծեցինք, որ սա մեր վերջին օրն է... այր ու կին իրար փաթթուեցանք, որ գոնէ միասին մահանանք»,-ըսող բարեկամներ ունեցայ: Բոլորը նիւթական կորուստներ ունէին, բայց, փառք Աստուծոյ, իմ բարեկամներս կրցած էին ողջ մնալ: Մինչ այս պայթումն ալ Լիբանանի տնտեսական վիճակը արդէն բնաւ լաւ չէր, եւ պայթումը կրկնապատկեց իրենց դժուար կացութիւնը: Պէյրութի իւրաքանչիւր բարեկամի հետ խօսակցութեանս ընթացքին շատ անհանգիստ կը զգայի, կը տառապէի եւ կը խորհէի, որ անպայման պէտք էր բան մը ընէի իրենց համար: Յետոյ զանգեցի իմ ամերիկաբնակ, պէյրութահայ ընկերներուս եւ հարց տուի, թէ ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ:

Արժանթինահայ արտադրող (producer), լրագրող, իմ լաւ ընկեր Լէօ Մոմճեանին հետ մէկ ամիս առաջ, «City of Smile»ի հովանաւորութեամբ, քաղցկեղէ տառապող երեխաներու համար առցանց համերգ մը կազմակերպուած էր: Այդ համերգէն օրինակ առնելով, «Համազգային»ի Լոս Աճելըսի Շրջանային վարչութեան անդամ, իմ բարեկամուհի՝ Վիլմա Գույումճեանին առաջարկեցի, որ այս անգամ Պէյրութի համար համերգ մը կազմակերպենք եւ ինք շուտով վարչութեան դիմեց, որոնք սիրով ընդառաջեցին, որմէ ետք ալ ես շուտով կապ հաստատեցի Լէոյին հետ: Իսկ Լէօն, ինչպէս միշտ, պատրաստ էր աշխատելու...: Շուրջ մէկ ամիս կազմակերպչական ժողովներ ըրինք՝ Պոլիս, Պուէնոս Այրէս, Լոս Անճելըս, լաւագոյնը ընելու համար: Անշուշտ Covid-ի պատճառով մեր աշխատանքը շատ հեշտ չէր: Ես ալ, ինչպէս միւս երաժիշտները, դժուարութիւններ ունէի, բայց շատ կարճ ժամանակի մէջ յաջողեցանք երաժիշտներուն հասնիլ, որոնք ալ, իրենց հերթին, շատ սիրով ընդունեցին: Բոլորը ուզեցին իրենց նպաստը բերել Պէյրութի համար: Ինչպէս գիտէք, շատ մը ձեռնարկներ կային ի նպաստ Պէյրութի, եւ ընտրեցինք 19 Սեպտեմբերը, որպէսզի ոչ մէկուն խաչաձեւած ըլլանք։

 

-Ձեր կարծիքով, ինչքա՞ն տարածում ունեցաւ այս առցանց համերգը, ի՞նչ էին մարդոց գնահատականները:


Համերգը սփռուեցաւ Ամերիկայի ժամով երեկոյեան 7:00-ին, որ ե՛ւ Պոլսոյ, ե՛ւ Պէյրութի, ե՛ւ Եւրոպայի, ե՛ւ Հայաստանի համար բնաւ յարմար ժամ չէր: YouTube-ի եւ Facebook-ի յղումներով դիտողներ ալ եղան: Բոլորն ալ շատ զգացուած ու շատ տպաւորուած էին: Անոնք, որոնք ինծի հետ կապ հաստատեցին, իրենցմէ մէկ խօսք լսեցի՝ «Լացուցիք մեզի...»:

Շատ կը փափաքինք ու այդ հարցով կապի մէջ ենք, որ այս համերգը Հայաստանի հեռատեսիլէն եւս սփռուի, որպէսզի աւելի հասանելի դառնայ: Յուսամ կ'իրականանայ մեր փափաքը, քանի որ շատ մեծ աշխատանք ըրինք, եւ շատ կը փափաքինք, որ համերգը մեծ տարածում ունենայ եւ առաւելագոյն չափով հասանելի դառնայ մեր ժողովուրդին:

 

-Կարծես այս համերգով նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ գործող արուեստագէտներ քով քովի եկան, այդ փորձառութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել:


Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ աշխարհի չորս կողմը գտնուող երաժիշտներս, «Քեզի համար, Պէյրութ» խորագրեալ համերգին շուրջ միաւորուեցանք, եղանք մէկ սիրտ ու մէկ հոգի: Բոլոր մասնակցներուն խորին շնորհակալութիւն կ'ուզեմ յայտնել:

Այս համերգին հետ կապուած, ինչ յաջողութիւն որ արձանագրուեցաւ, երբեք միայն ինծի չի վերագրուիր: Ես առանձինն ոչ մէկ բան կրնայի ընել: Շուրջս ունիմ հոգիով եւ սրտով ինծի օգնելու պատրաստակամ մարդիկ, այդ անձերէն մէկը նաեւ Լէօն է... Շատ դժուար գործ է... Շատ մեծ աշխատանք տարաւ ինքը: Ապրի ան իր բարի ու սիրայօժար նուիրումին համար:

 

-Ձեզի համար ի՞նչ արժէք եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Պէյրութը:


Ես երկու անգամ Պէյրութ այցելած եմ եւ կրնամ ըսել, որ հիացած եմ իրենց լեզուն ու մշակոյթը բարձր պահող լիբանանահայ համայնքով: Իսկ վերջին այցելութեանս, որ տուած էի 4 տարի առաջ, Համազգայինի հրաւէրով, մեծ համերգ ունեցած էի այնտեղ: Բնականաբար այս համերգէն ետք շատ մը բարեկամներ ունեցայ, եւ մեծամասնութեան հետ կապս պահպանած եմ մինչ օրս:

Ինծի համար, ինչպէս Պէյրութի, այնպէս ալ աշխարհի բոլոր անկիւնները ապրող հայերը նոյն արժէքը ունին: Բոլոր համերգներուս ժամանակ, ուր որ գացի, բոլորն ալ իրենց սրտերն ու թեւերը բաց ընդունած են զիս: Եւ ես այսօր պարտաւորուած կը զգամ ձեռքէս եկածը ընելու..: Կեանքը մերթ լաւ, մերթ տխուր անակնկալներով լեցուն է.. Մենք պէտք է միաւորուինք: Այսպիսով, գիշերները կրնամ հանգիստ քնանալ, երբ գլուխս բարձին դնեմ:

 

-Եթէ առիթ ըլլայ, այս «Քովիտ»ի սահմանափակումներէն ետք Պէյրութ երթալ եւ համերգ մը տալ՝ հայկական համայնքին համար, պատրա՞ստ էք այդ մէկուն:


Շատ մեծ սիրով կ'երթամ Պէյրութ, համերգի համար: Ինչպէս ըսի, վերջին համերգիս արդէն չորս տարի անցաւ: Սակայն կ'ուզեմ, որ ոչ թէ ցաւի, այլ երջանիկ ու ուրախ պահերը միացնեն մեզ:

Յուսամ շուտով ամէն ինչ բնականոն կը դառնայ, ինչպէս 4 տարի առաջ էր: Այս առցանց համերգին համար յատկապէս իմ երգած «Կիլիկիա»ն, կ'ուզեմ անգամ մը եւս այդ հողերուն վրայ երգել...: