image
Հրատապ լուրեր:

Քալիֆորնիոյ նահանգապետը դատապարտած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եղած վանտալիզը

Քալիֆորնիոյ նահանգապետը  դատապարտած է Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ եղած   վանտալիզը

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ  Կաւըն Նիւսըմ Թուիթըրեան իր  էջով անդրադարձած է Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող հայկական կեդրոնի վրայ յարձակման: «Այս եկեղեցւոյ մէջ այնքան հրաշալի եւ յուզիչ պահեր ապրած եմ: Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ լուրի մասին, բայց գիտեմ, որ այս ֆիզիքական պատերէն դուրս ալ համայնքը կ'ապրի ու կը շարունակէ յոյս ու հաւատ փոխանցել շատերուն»,- գրած է Նիւսըմը։