image

HyeAid Lebanon-ի դրամահաւաքի եւ թէլէթոնի աննախընթաց յաջողութիւնը

HyeAid Lebanon-ի դրամահաւաքի եւ թէլէթոնի աննախընթաց յաջողութիւնը

Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդը խորապէս երախտապարտ է իր բոլոր ազգակիցներուն,  «Մէկ Ազգ, Մէկ Ապագայ» թեմայով ու HyeAid Lebanon-ի անուան տակ կազմակերպուած դրամահաւաք-թէլէթոնի ընթացքին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Կարճ ժամանակուան մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքը, որուն թագադրումը եղաւ ընդամէնը երեք ժամուան թէլէթոնը, գոյացուց 1,375,555.00 տոլար: Մինչեւ օրս, արդէն իսկ ստացուած է նշուած գումարին 85 տոկոսը, ու լիայոյս ենք որ մնացեալ խոստումները  կ՛ամբողջանան շուտով:

Այսու կը տեղեկացնենք թէ 500,000.00 տոլարի սկզբնական գումար մը արդէն իսկ փոխանցուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի յանձնարութեամբ հաստատուած Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Յանձնախումբի յատուկ դրամատնային հաշուին:

Դրամահաւաքը իրականացնելու աշխատանքներուն ընթացքին կատարուած ընդհանուր ծախսերը- ներառեալ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած գովազդներ, թէլէթոնի պատրաստութեան գիտարուեստական եւ արտադրական ծախսեր, վարկային քարտի գործառնութեան ծախսեր, թէլէթոնին վերաբերող այլեւայլ ծախսեր- 44,272.00 տոլար կը կազմեն:

Գիտակից ենք, որ ծախսերու այս գումարը շատ աւելի մեծ կ'ըլլար, եթէ չըլլային մեր համայնքի կամաւորներու հսկայական օժանդակութիւնը: Անոնց անձնուրաց նուիրուածութիւնը ոգեշնչող եւ անգնահատելի էր:

Լիբանանահայութեան օգտին մեր համախմբուած համայնքը, անգամ մը եւս եկաւ ցոյց տալու իր զգօնութիւնն ու առատաձեռնութիւնը յանուն մեր ազգի բարօրութեան:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդս կու գայ վերահաստատելու իր եւ իր անդամ կառոյցներու անվերապահ յանձնառութիւնը իր գոյութեան իմաստն ու նպատակը հանդիսացող համահայկական օրակարգին, որուն անմիջական մասը կը կազմէ աջակցութիւնը ազգի բոլոր հատուածներու կարիքներուն ամէնուրէք:

 

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ

Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացյալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ