image

Սուրիոյ մէջ պէնզինի եւ հացի տագնապին իրական պատճառները. Տեսակէտ ՝ Յակոբ Նալպանտէն

Սուրիոյ  մէջ պէնզինի եւ հացի   տագնապին  իրական   պատճառները. Տեսակէտ ՝  Յակոբ Նալպանտէն

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ հրապարակախօս Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան.

 

-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Հալէպի մէջ, գիտենք որ վառելանիւթի (պէնզինի) եւ հացի սուր տագնապ կայ, ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:


Վառելանիւթի եւ հացի տագնապը միայն Հալէպի մէջ չէ, որ սրած է, այլ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ: Հսկայ, քիլոմեթրերու հասնող հերթեր են վառելանիւթի  կայարաններու  շուրջը, նոյնն է պարագան փուռերուն մօտ։

Ըսեմ, որ բաւական մեծ թիւով  վառելանիւթի  կայարաններ պետութեան կողմէ փակուած են այսօր,  ապօրինի ձեւով աշխատելու հետեւանքով, որ աւելի կը սրէ վիճակը եւ հերթեր ու կուտակումներ կը ստեղծէ:

 

-Գիտենք, որ վառելանիւթի սուր տագնապը կապ ունի Սուրիոյ դէմ առկայ պաշարումին հետ, ի՞նչ է իրավիճակը այսօր, ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք դրութիւնը, եւ այս պաշարումը մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ:


Հիմա, ըստ պետական վարկածին, վառելանիւթի տագնապը կապ ունի Պանիասի նաւթազտարանին անգործութեան հետ, որ  ներկայիս տարեկան նորոգութեան մէջ է, եւ ինչպէս կ'ըսեն, երէկ պիտի սկսէր աշխատանքը, որմէ ետք,  շատ կարճ ընթացքին կրնայ  առկայ    տագնապը  վերանալ։ Այս վարկածը սակայն այդքան ալ համոզիչ չէր ժողովուրդին համար:  Տագնապներուն իսկական պատճառները, ինչպէս ըսիք, անշուշտ կապ ունին ամերիկեան շրջափակման հետ: Չմոռնանք, որ Սուրիոյ յատկապէս նաւթային եւ կազային պաշարները հիւսիս-արեւելեան կողմերը կը գտնուին, ուր հիմա կ'իշխեն քրտական կազմակերպութիւններ՝ ամերիկեան վերահսկողութեամբ, եւ այդ քրտական մարմինները նոյնիսկ պայմանագիր կնքած են ամերիկեան ընկերութեան մը հետ, որ սուրիական նաւթը անոր վաճառեն։ Այսպիսի  ծանր  իրավիճակ կը տիրէ  Սուրիոյ  հիւսիս-արեւելեան  շրջաններուն մէջ։

 

-Կ'ուզենք նաեւ իմանալ հացի տագնապի մասին, ինչէ՞ն առաջացաւ, ի՞նչ են իրական պատճառները:


Հացի պարագան ալ նոյնն է, Սուրիոյ ցորենի հիմնական շտեմարանը, ինչպէս գիտէք, հիւսիս-արեւելեան շրջաններն են, Ճէզիրէի շրջանն է, որ դարձեալ քիւրտերուն հսկողութեան տակ է, որոնք համակարգուած կերպով,  կ՚իւրացնեն  եւ իրենց վերահսկողութեան  տակ  կ՚առնեն   ցորենի ամբողջ  բերքը։ Սուրիոյ պետութիւնը հոս քայլ մը ըրաւ եւ որոշ մրցակցային միջավայր ստեղծելու համար աւելի բարձր գին առաջարկեց գիւղացիներուն, բայց քիւրտերը տարբեր ճնշումներ բանեցնելով, կը ստիպէին ժողովուրդին, որ ցորենը միայն իրենց յանձնեն:

Հիմա, փաստօրէն, ցորենի պաշարները նուազած  են, եւ անոր համար, որպէս ժամանակաւոր լուծում, պետութիւնը կ'ուզէ  քարտային  համակարգ մը գործի դնելով   վերջ  տալ ստեղծուած  տագնապին։ Բնականաբար  հացի  ճշդուած  սակագինը նոյնը պիտի մնայ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ հացի պարագային պետութիւնը ինք կը վճարէ ցորենի յաւելեալ գումարները, սակայն  այսօր  պետութիւնը   պիտի  ստիպուի սահմանափակել այդ գինով  ազատ վաճառքը  հացի  քանակը  իջեցնելով երկու հացի: Սկիզբը կը կարծէինք, որ այսպիսի որոշում մը չեղեալ կը նկատուի, որովհետեւ հացը կարմիր գիծ է, սակայն երէկ գործադիրի մօտ որոշումը ընդունուեցաւ եւ գալ շաբթուընէ սկսեալ հացի վաճառքը չափաբաժիններով պիտի ըլլայ:

 

-Հայկական գաղութը ինչպէ՞ս կը դիմակայէ այս դժուարութիւններուն, ի՞նչ են այլընտրանքները, այս տագնապին մէջ ոտքի մնալու համար:


Հալէպահայերն ալ սուրիական նոյն ընտանիքին մէկ մասն են, նոյն նաւուն մէջն են բոլորը, նոյն տառապանքով կը տառապին: Տագնապի սկիզբը որոշ հայկական կազմակերպութիւններ իրենք հացը կ'ընդունէին եւ ժողովուրդը ակումբներէն կը ստանար իր բաժինը, հիմա սակայն այդ դրութիւնը վերացած է, այսինքն տարբերութիւն մը չկայ հայուն  եւ արաբին միջեւ, բոլորն ալ նոյն ցաւով կը տառապին, եւ  յուսանք որ շուտով  կը լրանայ այս հարցը:

 

-Գիտենք որ վերջերս, ընտրութիւններէն ետք, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նոր կառավարութիւն մը կազմել տուաւ, նշանակելով նոյն վարչապետը: Այս կառավարութիւնը ինչքանո՞վ պիտի կարողանայ տագնապէն դուրս բերել Սուրիան, մանաւանդ՝ Հալէպը:


Իմ կարծիքովս, կառավարութեան ուժերէն շատ աւելի վեր է այս տագնապին լուծումը: Սուրիան, ինչպէս գիտէք, պատերազմական դրութենէն ելլելով, համաշխարհային շրջափակման մէջ է, այսինքն տնտեսական լուծումները, իմ կարծիքով, կախուած են անկէ, թէ քաղաքական ինչպիսի քայլեր կ'առնուին մեծ պետութիւններու կողմէ, յատկապէս սահմանադրական յանձնաժողովի հարցով, նայած, թէ դէպի ո՞ւր կ'երթայ Սուրիոյ սահմանադրութիւնը, որովհետեւ ամէն անգան, որ կէտ մը կը վաւերացուի սահմանադրական յանձնաժողովին կողմէն (որ կը բաղկանայ երեք կողմերէ՝ կառավարութիւն, ընդդիմութիւն եւ 51 հոգիէ բաղկացած անկախ մարմինէ) եւ քայլ մը առաջ կ'երթան, կը նկատենք, որ շրջափակումը մէկ քայլ աւելի կ'ուժեղանայ: Սպասենք մինչեւ 2021-ի նախագահական ընտրութիւնները Սուրիոյ մէջ եւ տեսնենք ինչ կ'ըլլայ:

Բայց յստակ է, որ լուծումները, ինչպէս ըսի, այս կառավարութեան ուժերէն շատ աւելի վեր են, եւ  դժուար   թէ այս կառավարութիւնը մեզի ապահով ափեր հասցնէ: