image

Պէնզինի սուր տագնապ Հալէպի մէջ

Պէնզինի սուր տագնապ Հալէպի մէջ

Օրերէ ի վեր Հալէպի քաղաքացիները դէմ հանդիման են պէնզինի սուր տագնապի։

 

 Այս մասին «Արեւելք»ին հաղորդեցին ՝ Հալէպէն։

 Մեր ունեցած տուեալներով քաղաքացիները ժամեր կ՚անցընեն Հալէպի մէջ տարածուած վառելանիւթի կայարաններուն առջեւ իրենց ինքնաշարժները վառելանիւթով օժտելու համար։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ վերջին շաբաթներուն կառավարական մարմիններ տնօրինած են փակել բոլոր այն կայարանները, որոնք օրինական ձեւով չեն կործեր եւ պետական գրանցում չունին եւ այս տնօրինումը աւելիով վատթարացուցած է իրադրութիւնը։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Հալէպէն բացի վառելանիւթի սուր տագնապ կայ Սուրիոյ համարեա բոլոր շրջկեդրոններուն մէջ եւ անշուշտ տագնապը կապ ունի Սուրիոյ դէմ արեւմեան պլոքի երկիրներու եւ ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներու կիրառուած ճնշումներուն եւ տնտեսական շրջափակման հետ։

 

 Մինչեւ այս լուրին հրապարակուիլը առկայ տագնապի լուծման յուսալից լուծումներ ապահովելու յոյս մը չուրուագծուիր։