image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան.Բանակը յաջողած է վնասազերծել ահաբեկչական խմբակ մը՝ տալով 4 զոհեր

Լիբանան.Բանակը յաջողած է վնասազերծել ահաբեկչական խմբակ մը՝ տալով 4 զոհեր

Լիբանանեան բանակը կարողացած է հալածել  եւ  թիրախաւորել  Խալէտ Ալ Թըլլաուիի  հրամանատարութեամբ գործող ահաբեկչական խմբակ մը։

Այս  մասին լուրը կը հաղորդէ« Ալ Նահար» պարբերականը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ բանակի մասնայատուկ ջոկատ մը պաշարած է Ալ Թըլլաույին եւ բախումի բռնուելէ ետք վնասազերծած է ահաբեկիչ զինեալը։

Դէպքը տեղի ունեցած է«Ալ Տընիյէ» եւ Զղորթա շրջանին միջեւ ինկող «Տընհի» մացառոտ շրջանին մէջ

Կը նշուի, որ Թըլլայուի եւ անոր զինեալները  պատասխանատու են այս դէպքէն ժամեր առաջ պատճառ դարձած են բանակի գաղտնի սպասարկութեան 4 անդամներու սպանութեան։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Թըլլայուի կապ ունի օրեր առաջ «Քաֆթուն»  շրջանին մէջ տեղի ունեցած ոճրային  դէպքին հետ, ուր զոհուած էինք շրջանի քաղաքապետի որդին եւ քաղաքապետարանի երկու ոստիկաններ։

 «Արեւելք» այդ մասին  գրած էր աւելի վաղ։